Ղեւոնդեանց քահանաները խումբ մը հոգեւորականներ էին, որոնք կաթողիկոսէ, եպիսկոպոսներէ, երէցներէ եւ սարկաւագներէ կը բաղկանային: Այս խումբը իր անուանումը ստացած էր իրենց հոգեւոր պարագլուխէն` Ղեւոնդ Երէցէն, որ ո՛չ միայն Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի օգնականը եղած էր, այլ նաեւ խորհրդատուն էր Վարդան Մամիկոնեանի եւ Յովսէփ կաթողիկոսին: Ղեւոնդ Երէց ինքն էր, որ հայ նախարարները եւ քահանաները խանդավառած էր քաջութեամբ պայքարելու թշնամիներուն դէմ: 451 թուականին, Վարդանանց պատերազմէն ետք, այս հոգեւորականները ձերբակալուեցան եւ բանտարկուեցան: Հետագային, պատերազմի մը ընթացքին երբ պարսիկները պարտութեան մատնուեցան, անոնց թագաւորը ամէնէն դաժան ձեւով չարչարել եւ սպաննել տուաւ իր հայ քրիստոնեայ բանտարկեալները:
Աւանդութեան համաձայն, Սրբոց Ղեւոնդեանց նշխարներէն մաս մը կը գտնուի Խորասանի Մաշաթ շրջանին մէջ, ուր յաճախ հրաշքներ պատահած են: Պարսիկներու Շահ Աբաս Ա. թագաւորը միանգամընդմիշտ ջնջելու համար սուրբերուն յիշատակը, նշխարներուն վայրը իր հին պարսիկ նախնիներուն շիրիմին կը վերագրէ: Սրբոց Ղեւոնդեանց մարտիրոսութիւնը տեղի ունեցաւ Վարդանանց պատերազմէն մօտ երեք տարի եւ երկու ամիս ետք: Սակայն տօնացոյցի կարգաւորութեան մէջ Վարդանանցի յիշատակութենէն երկու օր առաջ դրուած է այս տօնը:
Ղեւոնդեանց քահանաներու տօնակատարութիւնը այսօր եւս կոչ մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին, աւելի ամրօրէն կառչելու մեր եկեղեցւոյ եւ ազգային արժէքներուն: Ղեւոնդեանց քահանաները մեր կեանքին լաւագոյն օրինակներն են, թէ` մեզի համար հոգեւորականին եւ աշխարհականին միջեւ բացութիւն չի կրնար ըլլալ: Մէկուս մտահոգութիւնը միւսինն է եւ` փոխադարձաբար: Այս տօնին խորհուրդը մեզ կը մղէ մեր ազգին դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն դիմաց իբրեւ մէկ ընտանիք, մէկ եկեղեցի, մէկ ժողովուրդ եւ մէկ ընկերութիւն պայքարելու` ի խնդիր մեր սրբութիւններուն: Ազգ մը, որ իր հերոսներուն խորհուրդով չի լիանար, հաստատօրէն դատապարտուած է ձախողութեան: Հետեւաբար, յարգենք մեր հերոս սուրբերը եւ անոնց օրինակը միշտ վառ պահենք մեր եւ մեզ յաջորդող սերունդներուն մէջ:
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ