Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ եւ անոր անմիջական մրցակիցը` Պայէրն Միւնիխ, իրենց դաշտերուն վրայ յաղթանակներ արձանագրեցին:
Տորթմունտ, որ յաղթեց Պայէր Լեւերքուզընին (3-2), ունեցաւ 54 կէտ, մինչ Պայէրն Միւնիխ ունեցաւ 51 կէտ` 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հերթա Պերլինի:
Վերջինիս դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Խաւի Մարթինես նշանակեց Պայէրնի կոլը (62-րդ), 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ, աւելի հեռացաւ Տորթմունտէն (11 կէտով)` իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Վոլֆսպուրկէն (5-րդ):