ԹՈՒՐՔ ԴԵՍՊԱՆԸ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՆԱՊՈՒԼՍԻ ՔԱՐՈԶԻՉԻՆ
By adminx - Thu Mar 24, 7:58 am
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print
Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ այցելեց իսլամ քարոզիչ շէյխ Աֆիֆ Նապուլսիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Էօզեըլտըզ շեշտեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն եւ հեղինակութիւններուն հետ Թուրքիոյ հաստատած հեզասահ յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ Թուրքիա կը փափաքի Լիբանանը տեսնել կայուն եւ ժողովրդավար:
Էօզեըլտըզ աւելցուց, որ արաբական աշխարհին մէջ արձանագրուած զարգացումները որոշ մտահոգութիւններ պատճառած են Թուրքիոյ, որ մնայուն կերպով կը քաջալերէ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներուն մէջ ազատութեան եւ իրաւունքի հաստատումը:
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print



