Շաբաթ օր Վենեզուելայի ընդդիմութեան ղեկավար Խուան Կուայտոյի ղեկավարութեամբ Պրազիլէն եւ Քոլոմպիայէն մարդասիրական օժանդակութիւն երկիր փոխադրելու փորձը վերածուեցաւ Վենեզուելայի բանակին հետ բուռն բախումներու, երբ վերջինս արգելք հանդիսացաւ այդ օժանդակութեան երկիր մուտքին: Վենեզուելայի բանակը բախումներուն ընթացքին օգտագործեց ձգախէժէ եւ իսկական փամփուշտներ: Արձանագրուեցան 285 վիրաւորներ եւ երկու զոհեր, որոնցմէ մէկը` 14 տարեկան տղեկ մը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ դատապարտեց «Մատուրոյի խուլիկաններուն» կողմէ կատարուած բռնարարքները եւ նշեց, որ իր երկիրը պատրաստ է «քայլ առնելու»: Ան յայտարարեց, որ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի օրերը «հաշուուած են»:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի իր կարգին յայտնեց. «Կը դատապարտենք ոչ կանոնաւոր զինեալ խումբերու օգտագործումը` ահաբեկելու համար քաղաքայիններն ու օրէնսդիրները, որոնք ոտքի կանգնած են օժանդակութիւն բաժնելու համար»:
Մինչ այդ, Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ յայտարարեց, որ իր երկիրը կը խզէ Քոլոմպիոյ հետ յարաբերութիւնները: Ան յայտնեց, որ իր կառավարութիւնը կը շարունակէ երկիրը կառավարել եւ ինք կը շարունակէ իշխանութեան վրայ մնալ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը ամբաստանելով Վենեզուելայի քարիւղի հարստութիւնը գրաւել փորձելու յանցանքով:
Քոլոմպիոյ մայրաքաղաքէն աղբիւրներ երէկ յայտնեցին, որ աւելի քան 100 վենեզուելացի ոստիկաններ եւ զինուորներ դասալիք ըլլալով ապաստանած են Քոլոմպիա: