«Ի. Էս. Փի. Էն.» մարզական պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ լոնտոնեան Թոթենհամի յառաջապահ Հերի Քէյն ակնկալուածէն շուտ կ՛ապաքինի իր ստացած վնասուածքէն:
Ան արդէն իսկ սկսած է իր փորձերուն եւ շուտով կը վերադառնայ ֆութպոլի դաշտերը, ուրկէ կը բացակայէր նախորդ 13 յունուարէն ի վեր:
Ան այս տարեշրջանին մասնակցած է 31 մրցումի` նշանակելով 20 կոլ եւ կատարելով 6 էսիսթ: