Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «եւրոպացի դաշնակիցներ»-ուն կոչ ուղղեց ստանձնելու ՏԱՀԵՇ-ի աւելի քան 800 եւրոպացի անդամները, որոնք Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած են: Ան յայտնեց, որ անոնց տունդարձը չարտօնելը ունի վտանգաւոր հետեւանքներ, որովհետեւ Ուաշինկթըն կրնայ ստիպուիլ զանոնք ազատ արձակել, սակայն չ՛ուզեր ձեռնածալ մնալ, մինչ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները կը ներթափանցեն Եւրոպա:
Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ յայտարարեց, որ ամերիկեան ուժերը Սուրիայէն պիտի հեռանան ՏԱՀԵՇ-ի դէմ լիարժէք յաղթանակէն ետք, ինչ որ, ըստ իրեն, տեղի պիտի ունենայ շուտով:
«Խալիֆայութիւնը շուտով պիտի կործանի: Մենք կը հեռանանք Խալիֆայութեան դէմ մեր արձանագրած 100 առ հարիւր յաղթանակէն ետք», գրեց Թրամփ: