Հըզպալլայի նահատակ ղեկավարներ սէյիտ Ապպաս Մուսաուիի, շէյխ Ռաղեպ Հարպի եւ Իմատ Մուղնիէի նահատակութեան յիշատակին առիթով շաբաթ յետմիջօրէին Հըզպալլայի կողմէ կազմակերպուեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը:
Իր ճառին մէջ սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Դիմադրութեան դէմ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու ու անոնց գործակալներուն բանեցուցած ճնշումները եւ մղած հոգեկան պատերազմը ոչ մէկ կերպով իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենան Դիմադրութեան կորովին վրայ:
«Նման ճնշումներու ազդեցութեան հաւատացող կողմերը չարաչար կը սխալին, որովհետեւ անոնք անտեղեակ են Դիմադրութեան ուժին գաղտնիքէն: Դիմադրութեան զօրութեան գաղտնիքը միայն անոր զէնքին մէջ չէ, այլեւ գաղափարաբանական ուժին մէջ, ինչպէս նաեւ` Դիմադրութեան ոգին վառ պահելու եւ անոր ի խնդիր կեանքը զոհելու պատրաստակամութեան մէջ: Հետեւաբար ոչ ոք կրնայ այդ ոգին տապալել», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հըզպալլա Վենեզուելայի մէջ ներկայութիւն չէ` աւելցնելով, որ ամերիկեան դաւադրութիւններուն դէմ պայքարելու նպատակով Դիմադրութիւնը կը զօրակցի Վենեզուելային:
Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծելու հաւանականութեան անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա նշեց, թէ թշնամի Իսրայէլ կը հաստատէ, որ իր ուժերը պատրաստ են Լիբանանի դէմ պատերազմելու, սակայն ան համոզուած չէ այդ իրականութեան: «Մինչդեռ մենք մեր Դիմադրութեամբ համոզուած ենք եւ կը հաւատանք, որ մեր մարտիկները կրնան Գալիլիա մուտք գործել, սակայն բնաւ չենք կրնար հաւատալ, որ իսրայէլեան ուժերը կրնան Լիբանան մուտք գործել», յայտնեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա Վարշաւայի խորհրդաժողովը նկատեց վտիտ եւ խախուտ:
Ան շեշտեց, որ Իրանը այսօր գերհզօր պետութիւն է եւ դիւրին չէ անոր դէմ պատերազմ սանձազերծել:
Լիբանանեան քաղաքական կեանքին մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց. «Խորհրդարանին կողմէ նորակազմ կառավարութեան շնորհուած վստահութեան քուէին լոյսին տակ, կը հաստատենք մեր յանձնառութիւնը` լիբանանեան ներքին երկխօսութեան եւ գործակցութեան մթնոլորտին նկատմամբ, եւ անհրաժեշտ կը գտնենք բանավէճերէ եւ քինախնդրութենէ հեռու մնալը»:
Սէյիտ Նասրալլա անհրաժեշտ նկատեց փտածութեան դէմ պայքարը` շեշտելով, որ այդ պայքարը պէտք է մղել օրէնքներու հիման վրայ: «Ամբողջ Լիբանանը պէտք է փտածութեան դէմ պայքարի, որպէսզի երկիրը փուլ չգայ», նշեց ան: