Կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, հինգշաբթի, 7 փետրուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան արաբերէն շարադրական մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը: «Կոկիկեան հիմնարկ»-ը սոյն մրցանքը կը կազմակերպէ եօթներորդ տարին ըլլալով:
Ձեռնարկը վարեց Քարոլ Արզումանեան-Դերձակեանը, որ ողջունելով ներկաները` հրաւիրեց «Կոկիկեան հիմնարկ»-ի աշակերտներէն Վիքի Քենտիրճեանը, որ ներկայացնէ հիմնարկին խօսքը: Վ. Քենտիրճեանը իր խօսքին սկիզբը շեշտը դրաւ հիմնարկի նպատակին վրայ` օժանդակել լիբանանահայութեան, որ կարենայ լաւագոյն կերպով իր մասնակցութիւնը բերել Լիբանանի քաղաքական, ընկերային եւ հասարակական կեանքին մէջ եւ իր ամբողջական իրաւունքները ստանայ:
Օրուան հիւր-բանախօսն էր Քարմա Էքմեքճին, որ ողջունեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց «Կոկիկեան հիմնարկ»-ին եւ կեդրոնացաւ արաբերէն լեզուի դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ թէ՛ հայկական եւ թէ՛ լիբանանեան շրջանակներու մէջ շեշտելով «Կոկիկեան հիմնարկ»-ին կարեւոր եւ օգտաշատ աշխատանքը, ուր հայ երիտասարդը կը թրծուի` յաղթահարելու այս դժուարութիւնները եւ հմտանալով արաբերէն լեզուի մէջ` ի վիճակի կը դառնայ շաղուելու ընկերային շրջանակներու մէջ, որպէսզի կարենայ ծաոայել եւ ընկերային զանազան պաշտօններ ստանձնել: Ան հաստատեց, որ հայ մշակոյթին պատկանիլը եւ հայերէնը իւրացնելը հաւասարապէս կը համեմատի լիբանա-արաբական պատկանելութեան:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Ժոզեֆ Տապաղեանը եւ Քարոլ Հաժը` ներկայացնելով Ֆէյրուզի երգերէն շարք մը:
Ապա լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու արաբերէնի մէջ յատուկ յիշատակութեամբ յաջողած աշակերտները մրցանակներ ստացան «Կոկիկեան հիմնարկ»-ի վարչութեան կողմէ:
Հանդիսութեան աւարտին Դերձակեանը յայտարարեց արաբերէն շարադրական մրցումի երեք մրցանակակիրներուն անունները: Երրորդ մրցանակը ստացան Ռոպեր Թորանեանը (Մեսրոպեան քոլեճ) եւ Կալի Աւագեանը (Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), երկրորդ մրցանակը ստացաւ Նարօտ Գառնէշեանը (Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարան), իսկ գլխաւոր մրցանակը ստացաւ Վաչէ Չլտրեանը (ՀԲԸՄ-ի վարժարաններէն): Այնուհետեւ առաջին մրցանակակիր Վաչէ Չլտրեան կարդաց իր շարադրութիւնը, իսկ ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու տնօրէն Արա Վասիլեանը ստանձնեց «Պայան»-ի մրցանակը:
Այս առիթով «Ազդակ» կը շնորհաւորէ «Ազդակ»-ի նախաձեռնած «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցներէն Կալի Աւագեանը: