Սրբոց Վարդանանց
Տօնակատարութիւնը
Այս տարի եւս լիբանանահայութիւնը համազգային յարգանքով ոգեկոչեց Սրբոց Վարդանանց ազգային տօնը:
Չորեքշաբթի, 12 փետրուար, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» ընդարձակ սրահին մէջ ազգային վարժարաններու երկու հազար աշակերտներուն ներկայութեան տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնակատարութիւն` նախաձեռնութեամբ Լիբանանահայ ազգային վարժարաններու ուսուցչական միութեան:
Գործադրուեցաւ կէս ժամ տեւող գեղարուեստական յայտագիր մը: Խօսեցաւ դպեվանքի տեսուչ Մեսրոպ վրդ. Աշճեանը, ապա տպաւորիչ եւ այնքա՜ն յուզիչ պահ մը ստեղծուեցաւ, երբ երկու հազար աշակերտներ միաբերան խմբերգեցին «Իմ հայրենեաց»-ը եւ «Բամբ որոտան»-ը: Ցուցադրուեցաւ նաեւ պատշաճ շարժանկար մը:
Երեկոյեան, ժամը 8:45-ին Պուրճ Համուտի «Ս. Ագնէս» աղջկանց վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարքի, տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ երիտասարդաց միութեան կազմակերպած Վարդանանց փառատօնը: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Բանախօսեց Բարսեղ վրդ. Ֆերհաթեանը:
Նոյն օրը, երեկոյեան, պատկերասփիւռի քանալ 5-էն եւ 9-էն ցուցադրուեցաւ Վարդանանց նուիրուած յատուկ յայտագիր: Այս առիթով լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս տուաւ իր պատգամը:
Հինգշաբթի, 13 փետրուար, լիբանանահայութիւնը անխտիր արձակուրդի մէջ էր: Բոլոր հայ վաճառատուներն ու գործատեղիները փակ էին:
Հաւատացեալներու խուռներամ ներկայութեամբ, Հայաստանեայց առաքելական բոլոր եկեղեցիներու մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ Ս. Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ վասն հայրենեաց եւ հաւատքի նահատակուած հերոսներու յիշատակին:
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ սրբազան արարողութիւններուն նախագահեց Խորէն Ա. կաթողիկոս: Պատարագեց եւ քարոզեց դպրեվանքի տեսուչ Մեսրոպ վրդ. Աշճեանը:
Յաւարտ Ս. պատարագի, վեհափառ հայրապետի անուան տօնին առիթով, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն: Միաբանութեան կողմէ խօսեցաւ Վարդան ծ. վրդ. Տեմիրճեան. ապա վեհափառ հայրապետը շնորհակալութեան եւ հայրական օրհնութեան խօսք ուղղեց ներկաներուն: Տեղի ունեցաւ շնորհաւորական աջահամբոյր:
Այս տարի եւս հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը: Հանդիսաւոր Ս. Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս: Յաւարտ Ս. պատարագի, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը ճաշկերոյթ մը տուաւ: Ներկայ եղան` Սրբազան հայրը, հրաւիրեալներ եւ շրջանի երեւելի ազգայիններ: Ստեղծուած ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ սրտաբուխ նուիրատուութիւն` ի նպաստ շրջանի Ազգային Նուպարեան վարժարանին: Գոյացաւ եօթը հազար լիբանանեան ոսկի:
Նոյն օրը , կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Հազմիէի Վիեննական Մխիթարեան երկրորդական վարժարանի մատուռին մէջ պատարագեց Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք: Յաւարտ Ս. պատարագի, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց նուիրուած ոգեկոչումի ակադեմական հանդէս:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց նուիրուած հանդիսութիւն` կազմակերպութեամբ Համազգայինի Էշրեֆիէի մասնաճիւղին: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Բանախօսեցին` Սահակ վրդ. Քէշիշեան, Յակոբ Լուսարարեան եւ Երուանդ Տեմիրճեան:
Սրբոց Վարդանանց ազգային տօնին համազգային յարգաքով ոգեկոչումը անգամ մը եւս ազգային գիտակցութիւն, արժանապատուութիւն եւ հպարտութիւն ներշնչելու, մեր ազատատենչ ժողովուրդին միասնականութիւնն ու հաւաքական կամքը արտայայտելու գեղեցիկ առիթ մը եղաւ:
Հետաքրքրական
2212 Թուականին Մարդիկ Խելագարած Պիտի Ըլլան
Անգլիացի հոգեբուժ տոքթ. Ալպենի համաձայն, 2212 թուականին աշխարհի բոլոր մարդիկը խելագարած պիտի ըլլան: Անգլիացի գիտնականը այս եզրակացութեան յանգած է` ներկայիս գոյութիւն ունեցող խենթերու թիւը բաղդատելով ժամանակին գոյութիւն ունեցածներու թիւին հետ:
Տոքթ. Ալպենի համաձայն, վաթսուն տարի առաջ Լոնտոնի մէջ 575 առողջ մարդոց դէմ միայն մէկ խենթ կար: Այսօր 236 առողջ մարդոց դէմ մէկ խենթ կայ:
Նոյն գիտնականին համաձայն, ուրիշ երկիրներու մայրաքաղաքներուն մէջ ալ համեմատութիւնը նոյնն է, յատկապէս` Բ. Աշխարհամարտէն ետք:
Որով, այս ընթացքը եթէ շարունակուի, 2212-ին բոլոր մարդիկը խենթ պիտի ըլլան:
Տոքթ. Ալպեն կ՛ըսէ նաեւ, որ քանի մը տարի ետք խենթերը պիտի ստանձնեն զանազան երկիրներու ղեկավարութիւնը, եւ առողջ մարդիկ յիմարանոցներու մէջ պիտի փակուին:
Նոր Աշտարակ Փարիզի Մէջ
Փարիզի մօտ պիտի շինուի Էյֆելի աշտարակէն եւ Նիւ Եորքի Էմփայր Սթէյթ Պիլտինկէն աւելի բարձր աշտարակ մը, որ պիտի ունենայ փուռոյի ձեւ:
Նոր աշտարակին բարձրութիւնը պիտի ըլլայ 685 մեթր, այսինքն` Էյֆելի աշտարակին կրկին բարձրութենէն աւելի: Այս աշտարակը պիտի գործածուի ֆրանսական պատկերասփիւռին կողմէ: