Շաբաթ, 9 փետրուարին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ աւարտեցաւ Տուպայի պասքեթպոլի 30-րդ միջազգային մրցաշարքը` աւարտականի զուտ լիբանանեան մրցումով:
Նշենք, որ աւարտականի այս մրցումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի:
Մեծաթիւ լիբանանցի համակիրներու ներկայութեան, Ռիատի տիրացաւ տիտղոսին` 88-80 արդիւնքով (18-3, 22-20, 22-18 եւ 26-39):
Առաջին քորթըրին Պէյրութ գրեթէ ոչինչ կրցաւ ընել. վերջին քորթըրին է, որ ան քիչ մը բարելաւեց իր խաղարկութիւնը, բայց արդէն իսկ ուշ էր:
Ռիատիէն ամէնէն աւելի կէտ նշանակեց Տոմինիք Ճոնսըն (22), ապա յաջորդաբար` Ամիր Սըուտ (16), Իսմայիլ Ահմետ (14), Ժան Ապտելնուր եւ Ուաէլ Արաքժի (13-ական): Իսկ Պէյրութէն ամէնէն աւելի կէտ նշանակեց Քուինսի Տուպի (22), ապա, Քրիս Քրոֆորտ (20) եւ Ալի Հայտար (19):
Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, իր եւ ֆետերասիոնին անունով շնորհաւորեց Ռիատին, միեւնոյն ժամանակ շնորհաւորելով նաեւ լիբանանեան երեք խումբերը` Ռիատին, Պէյրութը եւ ՀՄԸՄ-ը, որոնք յաջողեցան իրենք զիրենք պարտադրել այլ երկիրներու խումբերու: