Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի նախագահէ խորհրդարանի լիագումար նիստերուն, որոնք յատկացուած պիտի ըլլան կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկումին եւ ըստ այնմ նախարարաց խորհուրդին շնորհուելիք վստահութեան քուէին:
Այս ուղղութեամբ Պըրրի երէկ երեկոյեան նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին:
Այն Թինէի մօտիկ աղբիւրներ երէկ երեկոյեան յայտնեցին, որ կառավարութեան վստահութեան քուէի խորհրդարանի լիագումար նիստերը կրնան մինչեւ ուրբաթ օր տեւել` նկատի ունենալով, որ ցարդ 70 երեսփոխան արդէն իսկ արձանագրուած է` նիստերուն ընթացքին իր խօսքը արտասանելու:
Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ շաբաթավերջին ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Ղազի Արիտիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Մեկնումի պահուն Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած են լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները` աւելցնելով, որ միակ նորութիւնը, որուն մասին իմացած է, այդ ալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Տուպայի յայտարարութիւնն է` բարեկարգումները գործադրելու առումով:
«Մենք բոլորս կը զօրակցինք բարեկարգումներուն, իսկ բարեկարգումին հիմքը ելեկտրականութեան թղթածրարն է, որուն գծով իմացանք, թէ 800 միլիառ լ. ոսկիի յաւելեալ վարկ պահանջուած է: Մեր կարծիքով` ասիկա դէպի բարեկարգում առաջնորդող սխալ քայլ մըն է», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի Պաապտայէն հաստատած էր, որ Ժոմպլաթի միակ դաշնակիցը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունն է, Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Պըրրի եւս իր դաշնակիցն է:
«Իսկ վարչապետ Հարիրի՞ն» հարցումին պատասխանելով Ժոմպլաթ ըսաւ. «Անշուշտ, անշուշտ»: