7 Դիմումի Ընդառաջում` Յունուար Ամսուան Ընթացքին
21-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 333 Պարագայ
Հայ Ուսանողի Ֆոնտ` 152 Ուսանող
ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը յունուար 2019 ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 7 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ դեկտեմբեր 2018 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 326 պարագայ:
Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած է 1 զոյգ, որ պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացաւ ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 4 պարագաներ, որոնք արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Ընտանիքի բազմացման ֆոնտէն (3-րդ երեխայ եւ աւելի) օգտուած է 2 նորածին` 2 հազար ամ. տոլար իւրաքանչիւրը:
Այս ձեւով անցնող 21 ամիսներուն` մայիս 2017-էն յունուար 2019, Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի յատկացումին արժանացած են 333 հայեր, իսկ 152 ուսանող օգտուած է Հայ ուսանողի ֆոնտէն: Լիագումար` 485:
Նշենք, թէ 2018-2019 տարեշրջանին համար դիմում կատարած է 329 ուսանող, որոնց դիմումնագիրները ներկայիս քննարկման տակ են: Յետ քննարկման, համապատասխան յատկացումները պիտի կատարուին մարտ 18-էն ետք:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ