Ներկայութեամբ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեանի, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին համագումարը` Լիբանանի, Իրաքի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Եմէնի, Պաղեստինի եւ Իրանի պասքեթպոլի ֆետերասիոններու ներկայացուցիչներուն:
Յորդանանցի Մոհամետ Ալիան ընտրուեցաւ նախագահ, մինչ լիբանանցի Ժան Թապեթ պահեց ընդհանուր քարտուղարի իր պաշտօնը` յառաջիկայ չորս տարիներուն համար:
Թապեթ վերջին վեց տարիներուն կը վարէ այս պաշտօնը` փոխարինելէ ետք Յակոբ Խաչերեանը, որ ընտրուեցաւ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար: