Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտը, որուն հետ քննարկեց նախագահական պալատին մէջ տեղի ունենալիք դատական իշխանութեան յատուկ խորհրդաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ դատավարութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որուն ընկերակցեցաւ կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները` կառավարութեան կազմութեան լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ անոր պատասխանատուութիւնները` Լիբանանի դիմագրաւած զգայուն կացութեան ներքեւ:
Ժեմայէլ նախագահ Աունի յանձնեց հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու Փաղանգաւոր կուսակցութեան 31-րդ ընդհանուր ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 15-17 փետրուարին, Ֆրըն Շըպպեքի «Պիել» համալիրին մէջ: