Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնը քաղելով ամերիկեան բանակէն, հաղորդեց, որ վերջինս պատրաստ է մինչեւ ապրիլի վերջաւորութիւնը իր բոլոր ուժերը հեռացնելու Սուրիայէն:
Ամերիկեան վարչակազմէն աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են. «Եթէ Սպիտակ տունը չփոխէ իր ուղղուածութիւնը, ապա ամերիկեան բանակը մինչեւ մարտի կէսը իր ուժերուն մեծ մասը պիտի հեռացնէ, ապա յաջորդ ամիս` ապրիլին պիտի հեռացնէ մնացեալ ուժերը, նոյնիսկ եթէ ամերիկեան վարչակազմը չկարենայ այդ շրջանին մէջ իր քիւրտ գործընկերները պաշտպանելու համաձայնութիւն գոյացնել:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած էր, որ իր երկրին գլխաւորած Միջազգային դաշինքը յառաջիկայ շաբաթ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի 100 առ հարիւրով զսպումը պիտի յայտարարէ: