ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 5 փետրուարին Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքները համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքի ընթացքին յայտարարեց. «Ապրիլ 24-ը (Ֆրանսայի մէջ) պիտի դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օր»: Դժբախտաբար, հայկական կարգ մը լրատուամիջոցներ, միջազգային կարգ մը լրատուամիջոցներ եւ թրքական կողմը այդ յայտարարութիւնը ներկայացուցին իբրեւ Մաքրոնի 2017-ին տուած ընտրական խոստումին կատարումը:
Իրողութեան մէջ, ան Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օր չհռչակեց, այլ պարզապէս նշեց, թէ ազգային օր «պիտի դառնայ»: Այլ խօսքով` վերահաստատեց իր խոստումը, ինչպէս նախապէս ալ կատարած էր 11 հոկտեմբեր 2018-ին` Երեւանի մէջ եւ 30 յունուար 2018-ին` վերոնշեալ խորհուրդի մէկ տարի առաջ կազմակերպած ընթրիքի ընթացքին:
«Պիտի»-ի եւ «է»-ի միջեւ լեռ ու ձոր կայ, եւ խուսանաւումի հազարումէկ առիթ. Մաքրոնի յայտարարութեան սխալ ընկալման երեւոյթը չվրիպեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան ուշադրութենէն, որ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն նկատմամբ նախանձախնդրութենէ մղուած, առիթը օգտագործեց եւ նշեց. «Հանրապետութեան նախագահը յիշատակման այդ օրը հաստատելով կը կատարէ ծագումով հայ ֆրանսացիներուն յիշատակը յարգելու համար իր ստանձնած ծանօթ պարտաւորութիւնը»:
Ֆրանսայի նախագահին իր խոստումը կատարելու փոխարէն զայն իրերայաջորդ կերպով վերահաստատելու ընթացքին լոյսին տակ` մտահոգիչ է, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախագահի ընտրական խոստումին 3-րդ կրկնութիւնը կը նկատէ անոր կատարումը եւ այդպիսով հարցը փակուած կը յայտարարէ: Այդ փորձը դատապարտուած է ձախողութեան, որովհետեւ Մաքրոնի ընտրական խոստումը իր կատարումին կը հասնի, երբ Ապրիլ 24-ը պաշտօնապէս կը հռչակուի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր: Մինչ այդ, ատիկա կը շարունակէ պարզապէս խոստում մը մնալ` անկախ այն իրողութենէն, թէ քանի անգամ կը վերահաստատուի: