Պէյսպոլի հիւսիս-ամերիկեան լիկայի («Էմ. Էլ. Պի.») Լոս Անճելըս Ռոճըրզ-Սան Տիեկօ Փատրես մրցումին ընթացքին տեղի ունեցաւ ողբերգութիւն մը:
«Տէյլի-Մէյլ»-ի համաձայն, Ռոճըրզի 76 տարեկան համակիրը` Լինտա Կոլտպլում, իր ծննդեան օրը ներկայ եղած է այս մրցումին: Բայց յանկարծ հիւր կազմին մէկ մարզիկին կողմէ եկած գնդակը զարնուած է անոր գլխուն:
Ան անմիջապէս տեղափոխուած է հիւանդանոց եւ ենթարկուած գլխու վիրաբուժութեան: Երեք օր առանց գիտակցութեան մնալէ ետք, ան մահացած է հիւանդանոցին մէջ: