Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձած է Թուրքիոյ արձագանգին` Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր հռչակելու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի որոշումին:
Արտաքին գործոց նախարարութեան ամէնօրեայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հարցուած է. «Արդեօք Թուրքիան պատասխանա՞ծ է Ֆրանսային` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր յայտարարելու նախագահ Մաքրոնի որոշումէն ետք»:
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը պատասխանած է, որ յիշատակի օրուան հաստատումով նախագահ Մաքրոն կատարած է իր յայտնի խոստումը` յարգանքի տուրք մատուցելով Ֆրանսայի հայ քաղաքացիներու նախնիներուն:
«Մենք բազմաթիւ առիթներ ունեցած ենք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ այս հարցին շուրջ տեսակէտներու փոխանակման: Անոնք տեղեակ պահուած են մեր դիրքորոշումներէն, ինչպէս նաեւ մենք տեղեակ ենք, թէ անոնք ի՛նչ դիրքորոշում ունին», նշած է ան: