Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Մոսկուա:
Մոսկուա կատարած աշխատանքային այցելութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ ռազմական արհեստագիտութեան համագործակցութեան դաշնային ծառայութեան տնօրէն Տմիթրի Շուկայեւի հետ:
Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան կը տեղեկացնէ, թէ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական երկկողմանի ռազմական արհեստագիտութեան համագործակցութեան ընթացիկ ծրագիրները եւ հեռակայ ուղենիշները:
Երկուստեք ընդգծուած է այս ոլորտի կարեւորութիւնը եւ համագործակցութեան բարձր մակարդակը:
Այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են շարք մը հանդիպումներ: