Հայաստանի մէջ աւարտած` փոքր երկիրներու դահուկարշաւի ախոյեանութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տասը երկիրներու դահուկորդներ, Լիբանան գրաւեց առաջին դիրքը` տիրանալով 8 մետալի (3 ոսկի, 3 արծաթ եւ 2 պրոնզ): Հայաստան գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Սերպիա:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի գանձապահ, Ասիոյ դահուկարշաւի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Եուսեֆ Խալիլ:
Այս առիթով Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէ շնորհաւորեց լիբանանցի մարզիկներուն ձեռք բերած այս յաջողութիւնը: