Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան
100-ամեակին Նուիրուած
Մեծարանքի Նուագահանդէսը
Հայ երգի մեծ առաքեալ, անմահն Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած նուագահանդէսը, կազմակերպութեամբ Մխիթարեան երկրորդական վարժարանի նախկին Սանուց միութեան վարչութեան, տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 4 փետրուար, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:
Գեղարուեստասէր երկսեռ հասարակութիւն մը ծայրէ ծայր լեցուցած էր սրահը:
Բացման ուղերձը, մեծարանք` Կոմիտաս վարդապետի, կարդաց Սանուց միութեան վարչութեան կողմէ Յովսէփ Մելքոնեանը:
Վարագոյրը բացուելուն, բեմի խորքին զետեղուած Կոմիտասի մեծադիր գծանկարը, ա՜յնքան տպաւորիչ, գնահատուեցաւ բոլոր ներկաներէն, անխտիր: Կոմիտաս` Էջմիածնի գմբէթներուն վերեւ, խմբավարի դիրքով, ներշնչման սքանչելի պահ մը կ՛ապրի, ստեղծագործական ապրումի պահը: Գործ` լիբանանահայ տաղանդաւոր նկարիչ Փոլ Կիրակոսեանի:
Յայտագրի առաջին մասին, Մխիթարեանի նախկին սան, երիտասարդ դաշնակահար Վարուժան Խաչերեսեանը ապրումով եւ արուեստի կատարողութեամբ նուագեց Պախէն եւ Հայտընէն մէկական կտոր, նաեւ` Ա. Բաբաջանեանի «Վաղարշապատի պար»-ը: Գնահատուեցաւ բուռն ծափերով:
Երաժիշտ հ. Գր. Հէպոյեանի ստեղծագործած «Վիպերգ»-ը (թրիօ), նուագեցին` Էլիան Մանեան (թաւ ջութակ), Անթուան Ասատ (ջութակ) եւ հ. Գր. Հէպոյեան (դաշնակ):
Գ. Ադամեանի «Յուշեր»-ը եւ «Աշտաշատի պար»-ը նուագեցին Էլիան Մանեան (թաւ ջութակ) եւ Պօղոս Ճելալեան (դաշնակ):
Ծանօթ արուեստագէտ-դաշնակահար եւ հեղինակ Պօղոս Ճելալեանի «Եղերերգ»-ը նուագեցին Էլիան Մանեան (թաւ ջութակ) եւ Պօղոս Ճելալեան (դաշնակ):
Հ. Գր. Հէպոյեանի եւ Պօղոս Ճելալեանի ստեղծագործութիւնները գնահատուեցան երկարատեւ ծափերով: Հ. Գր. Հէպոյեան ամփոփ գիծերու մէջ վերլուծած էր նաեւ Կոմիտաս վարդապետի գործն ու արժէքը (տպուած` յայտագրին մէջ):
Տաղանդաւոր եւ սիրուած երգչուհի Արփինէ Փեհլիւանեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Պօղոս Ճելալեանի, խոր ապրումով մեներգեց Կոմիտասի «Հով արէք»-ը, «Տէ՛ր, ողորմեա՛»-ն, ա՜յնքան սրտայոյզ եւ «Քէլէ քէլէ»-ն: Արժանացաւ երկարատեւ եւ բուռն ծափերու: Երգչուհին կրկին բեմ եկաւ ծափերու տարափի մը տակ:
Յայտագրի երկրորդ մասին, ծանօթ երաժշտագէտ Օննիկ Սիւրմէլեանի ղեկավարած նուագախումբը յաջորդաբար նուագեց Կոմիտասի «Շողեր ջան», «Խումար», «Ալ այլուղս», «Չինար ես» եւ «Հօյ նազան» ստեղծագործութիւնները:
Երաժշտական արուեստի ընծայած բացառիկ վայելքներէն մէկը եղաւ այս ունկնդրութիւնը: Խմբավարը եւ իր նուագախումբը իւրաքանչիւր կտորի աւարտին արժանացան խանդավառ ծափերու:
Երգչուհի Արփինէ Փեհլիւանեան իր երկրորդ ելոյթին դաշնակի ընկերակցութեամբ Պօղոս Ճելալեանի, նոյն ապրումով մեներգեց Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ»-ը, «Չեմ կրնայ»-ն եւ, մանաւանդ, գեղեցկօրէն վերարտադրեց «Կռունկ»-ը: Ծափեր խլեց: Երկրորդ անգամ ըլլալով` երգչուհին դարձեալ բեմ եկաւ ծափերու տարափի մը տակ:
Օննիկ Սիւրմէլեանի ղեկավարութեամբ, նուագախումբը յաջորդաբար նուագեց Կոմիտասի «Ալագեազ»-ը, «Հապրպան»-ը, «Գարուն ա»-ն, «Կաքաւիկ»-ը եւ «Էջմիածնի պար»-ը: Ղեկավարը եւ իր նուագախումբը իւրաքանչիւր կտորի աւարտին արժանացան բուռն ծափերու: Կրկնուեցաւ «Էջմիածնի պար»-ը:
Արդարեւ, Օննիկ Սիւրմէլեանի նուագախումբը, իր կատարողական ճարտարութեամբ, կոմիտասեան արուեստին իրական արժէքները փոխանցեց ունկնդիրներուն:
Ծաղկեփունջեր նուիրուեցան երգչուհի Արփինէ Փեհլիւանեանին եւ խմբավար Օննիկ Սիւրմէլեանին:
Ի պատիւ կազմակերպիչ միութեան, Կոմիտասի ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած մեծարանքի այս նուագահանդէսը, իր ճոխ յայտագրով, անվերապահ գնահատանքի արժանացաւ ներկաներուն կողմէ:
ՀՐԱԶԴԱՆ