«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան վեց ճակատումներ:
Արեւմտեան շրջանին մէջ, 6-րդ դիրքին վրայ գտնուող Հիուսթըն Ռոքեթց յաղթական վերադարձաւ Ֆէոնիքսէն, ուր 118-110 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սանզը: Յաղթական կազմին մաս կազմող Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 44 կէտ:
Փլէյ-օֆի մրցումներուն համար տոմս մը ապահովել փորձող Տիթրոյիթ Փիսթընզ 129-103 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Տենվըր Նակեթցին:
Աթալանթա Հոքս, որ գրեթէ յոյս չունի փլէյ-օֆին հասնելու, 137-129 արդիւնքով յաղթեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին` վերջինիս դաշտին վրայ:
Արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Միլուոքի Պաքս 113-94 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պրուքլին Նեթցի դաշտէն: Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ (Պաքս) նշանակեց 30 կէտ, իսկ Տանճելօ Ռասըլ (Նեթց)` 18 կէտ:
Նիւ Օրլինզ իր դաշտին վրայ 2 կէտի տարբերութեամբ` 109-107 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ինտիանա Փէյսըրզէն, իսկ երէկուան վերջին մրցումին, Սաքրամենթօ Քինկզ յաղթեց իր հիւրին` Սան Անթոնիօ Սփըրզին (127-112):
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Շարլոթ Հոռնեթց – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Պոսթըն Սելթիքս
Ինտիանա Փէյսըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Նիւ Եորք Նիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Օքլահոմա Սիթի – Օրլանտօ Մեճիք
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Մայեմի Հիթ