Այսօր` 6 փետրուարին, կառավարութեան ծրագիրը պիտի ներկայացուի Ազգային ժողով եւ պիտի հրապարակուի, որուն հիմամբ արդէն աւելի առարկայական քննարկումներ կրնան կատարուիլ կառավարութեան տեսլականին ընդմէջէն Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան ռազմավարութեան ընթացք տալու առումով: Այս մասին յայտնած է փոխվարչապետ Տիգրան Ավինեանը Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կովկասի երկիրներու գծով համակարգող տնօրէն Մաթիօ Փաթրոնէի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ընթացքին:
Փոխվարչապետը կարեւոր նկատած է շարք մը ուղղութիւններով Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան հետ համագործակցութիւնը, յատկապէս` տարբեր ենթակառուցուածքներու, ուժանիւթի մարզի զարգացման, ելեւմտական շուկաներու կայացման եւ փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու ֆինանսաւորման ծրագիրներու հարցերով:
Փաթրոնէն նշած է, որ մօտակայ ամիսներուն ընթացքին ուսումնասիրութիւններու արդիւնքով` Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը ձեռնամուխ պիտի ըլլայ երկրի գործընկերութեան 5-ամեայ ռազմավարութեան ձեւակերպումին` կառավարութեան ծրագրային առաջնահերթութիւններու հետ համահունչ եւ կառավարութեան հետ աշխուժ երկխօսութեան միջոցով: Անիկա պիտի ըլլայ նաեւ գարնան սպասուող Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան նախագահի Հայաստան այցելութեան օրակարգային հարցերէն մէկը: