Աւարտելով Արաբական Թերակղզի Իր Պատմական Այցելութիւնը` Ֆրանչիսկոս Պապը Պատմական Պատարագ Մատուցեց Ապու Տապիի Մարզադաշտին Մէջ
Հարիւր հազարաւորներ Ապու Տապիի «Զայետ Սփորց Սիթի» մարզադաշտին մէջ ներկայ գտնուեցան Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի` Արաբական թերակղզիին մէջ մատուցած առաջին պատմական պատարագին:
Ֆրանչիսկոս պապը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ հասած էր կիրակի օր` դառնալով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջին քահանայապետը, որ կ՛այցելէ իսլամութեան ծննդավայր Արաբական թերակղզի: Անոր այցելութեան նպատակը երկխօսութեան ամրապնդումն էր:
Պատարագի աւարտէն ետք Ֆրանչիսկոս պապը մեկնեցաւ Ապու Տապիէն:
Մէկ օր առաջ սիւննիական բարձրագոյն ուսումնական կեդրոնի` Ազհարի մեծ իմամ շէյխ Ահմետ Թայէպ եւ Ֆրանչիսկոս պապը ստորագրեցին ծայրայեղականութեան դէմ պայքարի, կրօններու միջեւ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան կոչ ուղղող փաստաթուղթ մը:
Փաստաթուղթը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ կարելի եղածին չափ շուտ միջամտելու անմեղ կեանքերու կորուստը, պատերազմները, տագնապները, կենսոլորտային ապականումն ու աշխարհի վրայ ներկայիս արձանագրուող բարոյական ու մշակութային անկումը դադրեցնելու համար:
Փաստաթուղթը նաեւ ուժեղ կերպով կը դատապարտէ անոնք, որոնք Աստուծոյ անունը կ՛օգտագործեն բռնարարքները արդարացնելու համար:
Ազհարի շէյխը Ապու Տապիի մէջ միջկրօնական խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ իր պատգամը շրջանի իսլամներուն ուղղելով ըսաւ. «Ձեզի ուղղուած պատգամս է. «ընդունեցէ՛ք ձեր քրիստոնեայ քոյրերն ու եղբայրները: Անոնք ձեր գործընկերներն են պետութեան մէջ: Անոնք մեզի մօտ են: Մեր միջեւ իւրայատուկ կապեր կան»:
Ապա իր խօսքը ուղղելով Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Կը փափաքէի, որ «փոքրամասնութիւն» եզրը չօգտագործէիք: Դուք փոքրամասնութիւն չէք: Դուք լիիրաւ քաղաքացիներ էք: Այդ եզրը մէկդի ձգենք»:
Ֆրանչիսկոս պապը իր կարգին կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմները դադրեցնելու:
Նշենք, որ 2019 թուականը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ յայտարարուած է «Հանդուրժողականութեան տարի»: