Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհ երէկ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրաքէն արտօնութիւն չէ խնդրած, որ իրաքեան հողերուն վրայ գտնուող ամերիկեան ուժերը հսկեն Իրանը` ընդգծելով, որ ամերիկեան ուժերը Իրաք կը գտնուին երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած համաձայնութեան մը հիմամբ եւ անոնց առաքելութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարն է:
Սալեհ յայտնեց, որ իրաքեան կառավարութիւնը բացատրութիւններ կը սպասէ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու թիւին ու առաքելութեան վերաբերեալ:
Իրաքեան Հըզպալլայի ջոկատներու մարտական բանբեր Ժաաֆար Հուսէյնի «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ամերիկեան ուժերը իրաքեան դիմադրութեան համար արդար թիրախներ են:
Ան նշեց, որ ամերիկեան ուժերու Իրաքէն հեռացման պայմանաժամը քանի մը ամիսէն ոչ աւելի է` շեշտելով, որ դիմադրութեան խմբաւորումները պիտի չսպասեն մինչեւ իրաքեան խորհրդարանը ամերիկեան ուժերու Իրաքէն հեռացումի հարցին շուրջ որոշում որդեգրէ:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կիրակի օր «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած էր, որ Իրանը մօտէն հսկել կարենալու համար Իրաքի ռազմակայանը պահպանելը կարեւոր է:
«Միակ ուզածս հսկել կարենալ է: Իրաքի մէջ հոյակապ եւ մեծածախս ռազմակայան մը ունինք, եւ անիկա շատ յարմար է անկայուն Միջին Արեւելքի ամբողջ կողմերը հսկելու համար, ինչ որ հեռանալէն լաւ է»:
Իրաքի Հըզպալլայի ջոկատներու բանբերը յայտնած էր, որ Իրաքի մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութեան նպատակը դիմադրութեան առանցքը դիմակայելն է: Ան Թրամփի յայտարարութիւնը Իրաքի գրաւման բացայայտ յայտարարութիւն եւ դիմակայումի նոր փուլ նկատած էր:
Իրաքի Խորհրդարանը Մտադիր Է Որդեգրել Երկրէն Ամերիկեան Ուժերու Հեռացման Մասին Օրինագիծ Մը
Միւս կողմէ` «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իրաքեան Ֆաթհ խմբակցութեան բանբեր Ահմետ Ասատի յայտնած է, թէ իրաքեան խորհրդարանի յառաջիկայ նստաշրջանին ընթացքին քուէարկութեան պիտի դրուի Իրաքէն ամերիկեան ուժերու հեռացման մասին օրինագիծ մը:
Իրաքի խորհրդարանի նախագահի առաջին տեղակալ Հասան Քաապի իր կարգին յայտարարած է, թէ Իրաք մտադիր չէ ջնջել Միացեալ Նահանգներու հետ անվտանգութեան համաձայնագիրը, եւ ուժերու հեռացման օրինագիծի որդեգրման պարագային Իրաքէն հեռանալ պիտի ստիպուին ո՛չ միայն ամերիկեան, այլ նաեւ միւս օտարերկրեայ զօրամիաւորումները:
«Թրամփի անտեղի եւ անպատասխանատու յայտարարութենէն ետք Իրաքէն օտար ուժերու, ներառեալ ամերիկեան ուժերու հեռացման մասին օրինագիծի որդեգրումը դարձած է առաջնահերթ եւ քուէարկութեան պիտի դրուի փետրուարի վերջին սկսող նստաշրջանի ընթացքին», ըսած է Ասատի` յիշեցնելով, որ Իրաքի սահմանադրութիւնը կ՛արգիլէ երկիրը դարձնել յենակէտ` այլ երկրի դէմ յարձակելու համար:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը նշեց, որ ամերիկեան ուժերը երկար ատեն պիտի մնան Իրաքի մէջ` «իրականացնելու համար ճշդուած նպատակները»: