Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ նախորդ շաբաթավերջին Վալենսիայի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումին (2-2) թեթեւ վնասուածք մը ստացաւ` մրցակից կազմի մէկ մարզիկին հետ բախում ունենալուն պատճառով, մտահոգիչ ոչինչ ունի եւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ վաղը` չորեքշաբթի, 6 փետրուարին, Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի երթի մրցումին, Մատրիտի մէջ:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 26 փետրուարին, Պարսելոնայի մէջ:
Այս լուրը հաղորդեց սպանական մամուլը եւ ոչ թէ Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը: