«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Պոսթըն Սելթիքս 134-129 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Օքլահոմա Սիթիի դէմ:
Պարտուած կազմին մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք հանդիսացաւ թրիփըլ-տապըլի հեղինակ (22 կէտ, 12 ռիպաունտ, 16 էսիսթ), մինչ անոր խմբակից Փոլ Ճորճ նշանակեց 37 կէտ: Սելթիքսէն Քիրի Ըրվինկ նշանակեց 30 կէտ:
Նիւ Եորք Նիքս իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ Մեմֆիս Կրիզլիզէն (96-84), իսկ երէկուան երրորդ մրցումին, Թորոնթօ Ռեփթըրզ 121-103 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Լոս Անճելըս Քլիփըրզին:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Տենվըր Նակեթց
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Աթլանթա Հոքս
Պրուքլին Նեթց – Միլուոքի Պաքս
Նիւ Օրլինզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Սաքրամենթօ Քինկզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ