ՀՅԴ-ն չէ հրաժարած իր քաղաքական պատասխանատուութենէն, յատկապէս այն ոլորտներուն հետ կապուած, որոնք ղեկավարած է: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին նման տեսակէտ յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Միեւնոյն ժամանակ ան նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) հետ դաշինք ունենալը նոյնիսկ անգամ չի կրնար ժխտել, որ Դաշնակցութիւնը պահած է իր իւրայատկութիւնը, պահած է այնքան, որ այսօրուան իշխանութիւնները գնահատեն ու նշեն, որ մենք ՀՀԿ-ի ու միւսներուն նման չենք: Ան աւելցուց, որ ՀՅԴ-ն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ որեւէ խնդիր ու խոչընդոտ չունի` յատկապէս ազգային խնդիրները լուծելու հարցին մէջ:
Անդրադառնալով համաձայնական կառավարութիւններու մէջ ՀՅԴ-ի կազմած դաշինքներուն` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսած է. «Մենք մեր նախկին դասերէն սորված ենք, որ մենք այլեւս որեւէ գունաւորումի` ձախ, աջ, թէ այլ իշխանութեան հետ դաշինք պիտի չկազմենք, եթէ վճռորոշ դեր չունենանք: Այսինքն` առնուազն պէտք է ըլլայ իրավիճակ, որ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւնը ըլլայ 48 առ հարիւր, իսկ 10 առ հարիւրը ըլլայ ՀՅԴ-ն, եւ 2-ը միասին ստիպուած ըլլան համագործակցիլ, որ խորհրդարանը մեծամասնութիւն ունենայ: Եթէ ոչ, ապա պիտի չկրկնուի այն, ինչ որ եղած է անցեալին: Բայց մէկ բան ըսեմ` համաշխարհային փորձառութեան մէջ շատ կան դէպքեր, որ աջ ու ձախ ուժեր իրարու հետ համագործակցած են, օրինակ` Իսրայէլը, որուն կառավարութիւնը քանի մը թեւերէ բաղկացած է` աջակողմեան, ձախակողմեան, ծայրայեղ կրօնական: Այս բոլոր կուսակցութիւնները կը համախմբէ պետական եւ համազգային շահը, թէպետ տեղ-տեղ կրնան իրարու հետ չհամաձայնիլ: Մենք նոր-ազատական չենք, եթէ «Իմ քայլը» խմբակցութեան հիմնական հատուածը աջ է, կարելի չէ ստեղծել միջավայր, թէ պէտք չէ համագործակցինք իրարու հետ»:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հարցազրոյցը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային: