Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունց` քանի մը օր առաջ Հայաստանի քայլերգի փոփոխութեան մասին կատարուած առաջարկին անդրադառնալով յայտնած է, որ` «Հայաստանի քայլերգը կամ որեւէ այլ խորհրդանիշ փոխելու օրակարգ «Իմ քայլը» դաշինքին մէջ չկայ»:
Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան պաշտօնապէս յայտարարած է, որ ո՛չ յետաձգուող, ո՛չ ալ օրակարգի վրայ նման հարց կայ, եւ` ընդհանրապէս այդ հարցը քննարկման ենթակայ չէ:
«Ինչ կը վերաբերի քայլերգի փոփոխութեան գծով իմ կարծիքիս, ապա յստակացնեմ` ես ըսած եմ, որ խորհրդանշանները փոխելու իմաստով պէտք է չափազանց զգուշ ըլլալ, եւ չենք կրնար ամէն առիթով դիտարկել անոնց փոփոխութեան հարցը», նշած է Մակունց: