Փենթակոն յաւելեալ 3750 զինուոր պիտի ուղարկէ Մեքսիքայի հետ սահմանային գօտի` ներգաղթի ծառայութեան եւ սահմանապահ ուժերու օգնելու համար, ինչպէս նաեւ 240 քիլոմեթր երկարութեամբ փշաթել տեղադրելու համար:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ նշած է, որ այդպիսով Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ տեղակայուած զինուորներուն թիւը պիտի հասնի 4350-ի:
Փենթակոնի ներկայացուցիչներուն համաձայն, զինուորները Մեքսիքայի սահմանամերձ գօտիին մէջ պիտի մնան մինչեւ 30 սեպտեմբեր:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փաթրիք Շենանի համաձայն, ամերիկացի զինուորները Մեքսիքայի հետ պետական սահմանի երկայնքին փշալարերէ բացի նաեւ հսկողութեան նոր սարքեր պիտի տեղադրեն: