Շուէտական Ալինկսաս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Ե. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ազգային հաւաքականը, առաջին երկու մրցումներուն պարտուելէ ետք Շուէտէն (3-1) եւ Պելճիքայէն (6-2), ի վերջոյ արձանագրեց յաղթանակ մը` 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մալթան:
Հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին` Սարօ Գալստեան, Սարգիս Մարգարեան եւ Էդուարդ Մկրտչեան:
Գրաւելով իր խմբակին վերջին դիրքը, Հայաստան այսպիսով աւարտեց իր ելոյթները: