Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 25-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) հիւրը կ՛ըլլայ Ուեսթ Համի (12-րդ):
Այս հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Լայսթըր Սիթի դաշտէն: Մարքուս Ռեշֆորտ նշանակեց մրցումին միակ կոլը (9-րդ):
Արձանագրուած այս յաղթանակը եղաւ 9-րդը (տասը մրցումի ընթացքին)` Մանչեսթըրի նոր նշանակուած մարզիչ Ուլէ-Կիւնար Սոլսքիարի հետ:
Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբը` Սիթի, 3-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Արսենալին: Սերճիօ Ակուերօ հեթրիք մը իրագործեց (առաջին, 44-րդ եւ 61-րդ):