Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններուն կողմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան ներկայացուած գանգատները արձանագրուած են, կը յայտնէ պաշտպանական խումբը:
Նշենք, որ գանգատներէն մէկը ներկայացուած է Եւրոպական հռչակագիրի 6-րդ յօդուածի 2-րդ եւ 3-րդ կէտերով` անմեղութեան կանխավարկածի եւ պաշտպանութեան իրաւունքի խախտման հիմքերով, իսկ միւսը` Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց կալանաւորման որոշումը ընտրելու հիմքով:
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի քարտուղարութեան կողմէ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանական խումբը տեղեկացուած է, որ դատարանը քննութիւնը պիտի կատարէ առաջին իսկ կարելիութեան պարագային: