«Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ թրքական կառավարութիւնը պոյքոթի ենթարկուելու վերաբերեալ ամերիկեան նոր զգուշացում մը ստացած է` հիմնուած այն կասկածին վրայ, թէ Անգարա Վենեզուելայէն վերամշակման համար բերուած ոսկիներու մէկ մասը գաղտնաբար կը փոխանցէ Իրանին, եւ թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «այդ միջազգային ցանցին հետ անձնական շահի վրայ հիմնուած յարաբերութիւն ունի»:
Արեւմտեան բարձրաստիճան դիւանագիտական աղբիւր մը «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնած է, որ Թուրքիան այժմ Վենեզուելայէն ոսկիի մաքսանենգումը հետապնդող երկիրներուն համար վերածուած է գլխաւոր մտահոգութեան աղբիւրի: