Նիքոլաս Մատուրօ յայտարարեց, որ համաձայն է Հիմնադիր խորհուրդին այս տարի արտակարգ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու հրաւէրին:
Մատուրօ Վենեզուելայի մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ իր համակիրներուն առջեւ արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ Ժողովրդավարութիւնը կը պահանջէ, որ մարդիկ ընդդիմութեան հետ քաղաքական տարակարծութիւններու լուծման համար ընտրեն զիրենք ներկայացնող երեսփոխանները:
«Հիմնադիր խորհուրդը կը սերտէ այս տարուան ընթացքին կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու կարելիութիւնը, եւ ատոր համաձայն եմ: Պէտք է օրինականացնել օրէնսդիր մարմինը եւ ուղղուիլ դէպի անկախ ընտրութիւններ, որպէսզի ժողովուրդը ընտրէ իր երեսփոխանները… ես համաձայն եմ եւ կը զօրակցիմ այդ որոշումին», ըսաւ Մատուրօ:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդատու Ճոն Պոլթըն Վենեզուելայի զինուորականներուն կոչ ուղղեց հետեւելու զօրավար Ֆրանցիսքօ Էսթեպան Եանեսի օրինակին եւ անցնելու ընդդիմութեան կողմը:
«Ժամանակն է, որ Վենեզուելայի զինուորական գերագոյն ղեկավարութիւնը կանգնի վենեզուելացի ժողովուրդի կողքին: Երկրին մէջ Սահմանադրութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը պաշտպանելը ձեր իրաւունքն ու պարտականութիւնն է», գրեց ան «Թուիթըր»-ի վրայ:
Ան նոյն կոչով դիմեց նաեւ Վենեզուելայի կեդրոնական դրամատան: «Վենեզուելայի կեդրոնական դրամատան եւ այլ դրամատուներու աշխատակիցները պէտք է ընդունին Կուայտոն` իբրեւ երկրի նախագահ եւ պատասխանատուութիւն չկրեն թալանուած հարստութեան համար», նշեց Պոլթըն: