Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց կազմը կը մրցի Կլոպըլ համալսարանին դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ռաուտա), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
Ցարդ իր կատարած մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի կազմը արձանագրած է 5 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 15 կէտ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել` մնալ կարենալու համար առաջնակարգ դիրքերու վրայ:
Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի առաջին հանգրուանին իր կատարած մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ 6-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք ներքին ապահովութեան ուժերու կազմէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն: