– Այսօր` Պարսելոնա – Վալենսիա
– Վաղը` Մանչեսթըր Սիթի – Արսենալ
Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, կարգ մը ճակատումներ, որոնք պիտի ըլլան բաւական հետաքրքրական, պիտի գրաւեն լուսարձակները:
Անգլիոյ մէջ, վաղը բաւական զօրաւոր ճակատում մը կը խոստանայ ըլլալ Մանչեսթըր Սիթի – Արսենալ մրցումը:
Սպանիոյ մէջ, այսօր այլ կարեւոր մրցումի մը ընթացքին, Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Վալենսիան:
Իտալիոյ մէջ, վաղը Ա. Սէ. Միլան հիւրը պիտի ըլլայ Ա. Էս. Ռոմայի:
Գերմանիոյ մէջ, Պայէր Լեւերքուզըն պիտի հիւրընկալէ երկրի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխը:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը).