Հայաստան Ռուսիոյ հետ 4 «Սու-30ՍՄ» բազմաթիւ առաքելութիւններ կատարող հալածիչ գնելու համաձայնագիր կնքած է: Հայաստանի զինեալ ուժերը «Սու-30ՍՄ»-ներ պիտի ստանան 2020-ին: Այս մասին կը հաղորդէ «Քոմերսանթ» օրաթերթը` նշելով, որ հալածիչները հայկական կողմին կը տրամադրուին ռուսական վարկով եւ ռուսական ներքին գիներով:
Ըստ օդանաւային արդիւնաբերութեան ձեռնարկութիւններէն մէկուն գլխաւոր պատասխանատուին, համաձայնագիրի պայմաններուն համաձայն, Հայաստան 2020-ին պիտի ստանայ չորս նոր «Սու-30ՍՄ»-ներ:
«Գործարքը կը կատարուի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ծիրին մէջ: Հակառակ այն հանգամանքին, որ համաձայնագիրը կը նկատուի առեւտրական, եւ գնումը կը կատարուի ռուսական կողմին տրամադրած վարկային միջոցներուն հաշուոյն, Հայաստանի օդուժի իւրաքանչիւր կործանիչի արժէքը պիտի ըլլայ այնքան, որքան կ՛արժեն Ռուսիոյ զինեալ ուժերուն համար», բացատրած է աղբիւրը` ընդգծելով, որ այսպիսի պայմանները իսկական նուէր կարելի է նկատել:
«Ասիկա Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ կնքուած առաջին համաձայնագիրն է Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնավարութեան օրով: Մեզի համար կարեւոր էր Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ դաշնակից երկրի հետ դիրքերու ամրութեան հաստատումը», ըսած է օրաթերթի աղբիւրը:
Համաձայնագիրը կը նախատեսէ նաեւ ռուսական ռազմակայաններու մէջ հայ օդաչուներու վերապատրաստում: