ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Յամառութիւն մի՛ ընէք: Ընդունեցէք այլոց կարծիքներն ու տեսակէտները: Մի՛ ծուլանաք եւ աշխատեցէք սրբագրել ձեր սխալները: Մինակ մի՛ մնաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս):
Ձեր կարելին կատարեցէք: Փախուստ մի՛ տաք պատասխանատուութենէն կամ ձեր պարտականութիւններէն: Ձեզի ընձեռուած առիթները օգտագործեցէք` ձեր վիճակը բարելաւելու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Մի՛ յանձնուիք, այլ կրկին փորձեցէք, որպէսզի հասնիք ձեր նպատակին: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է: Պիտի մասնակցիք պտոյտի մը, որուն ընթացքին հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Կարեւոր նիւթեր պիտի քննարկէք ձեր գործատեղիին մէջ: Դժուար քննութիւն մը պիտի ապրիք: Վարչական գործեր պիտի կատարէք այս օրերուն: Հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Բացասական զգացումներ պիտի պատեն ձեզ: Ընտանեկան եւ աշխատանքային յոգնութիւններ պիտի ունենաք: Քննադատութիւններ մի՛ կատարէք ձեր գործին մէջ: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Կանուխ գացէք աշխատանքի եւ մի՛ զբաղիք երկրորդական հարցերով: Ձեր գործերը պիտի շատնան այս օրերուն: Դասաւորեցէք ձեր ժամանակը, որպէսզի հասնիք ձեր գործերուն:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Իւրայատուկ եւ հաճելի շրջան մը պիտի ապրիք: Բախտը ձեզի պիտի ժպտի, եւ ձեր ուրախութիւնը մեծ պիտի ըլլայ: Պիտի վերագտնէք ձեր դիրքը եւ պիտի իրականացնէք ձեր ծրագիրներէն մէկը:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Տնային նորոգութիւններ կատարելով պիտի զբաղիք: Ձեր հաւասարակշռութիւնը եւ ուրիշներուն հանդէպ վստահութիւնը մի՛ կորսնցնէք: Մի՛ մտահոգուիք ձեր ընտանիքի անդամներուն մէկուն առողջական վիճակով, ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Դիւրութեամբ պիտի ընկալէք եւ յարմարիք պայմաններուն: Մտային աշխուժութիւն մը պիտի ապրիք, որ առիթ պիտի ըլլայ մրցակցութեան մէջ մտնելու հակառակորդի մը հետ: Մի՛ կորսնցնէք ձեր առիթները:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Նիւթական հարցի մը վրայ պիտի կեդրոնանաք: Բժշկական ծախսեր պիտի ծագին: Պիտի աշխատիք օգտակար դառնալ ձեր ընկերներէն մէկուն: Սերտեցէք ձեր պետական փաստաթուղթերուն մանրամասնութիւնները:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Յաջողութիւն մը եւ զարգացում մը պիտի ապրիք ձեր կեանքին մէջ: Բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ: Լուր մը պիտի ուրախացնէ ձեզ: Հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք ձեր ընկերներուն հետ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Անհասկացողութիւն եւ բացասական մթնոլորտ պիտի տիրէ ձեր գործին մէջ: Մի՛ կասկածիք ձեր ընկերներուն վրայ: Լաւ պատրաստեցէք ձեր գործերը: Խճողուած վայրերէ հեռու մնացէք: