Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 31 յունուարին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Պաուշրիէ), Հուփս հիւրընկալեց Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի կազմը:
Երկու կազմերուն միջեւ կատարուած երթի մրցումին, որ տեղի ունեցած էր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ արձանագրած էր` 94-82 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Կրկնելու համար երթին իր կատարածը եւ մնալու համար յառաջատարներուն շարքին, ՀՄԸՄ պէտք էր արձանագրէր իր 9-րդ յաղթանակը:
Այդպէս ալ պատահեցաւ եւ ՀՄԸՄ կրկնեց իր յաղթանակը, այս անգամ սակայն` 16 կէտի տարբերութեամբ, 87-71 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 16-27, 25-21, 15-21 եւ 15-18: Առաջին քորթըրին արդէն ՀՄԸՄ ունեցաւ 11 կէտի առաւելութիւն մը:
Իւրաքանչիւր անգամ, որ Հուփս կը մօտենար, ՀՄԸՄ կը փորձէր աւելի հեռանալ, մինչեւ վերջնական յաղթանակին արձանագրուիլը:
Այս պարտութիւնը Հուփսի համար եղաւ 7-րդը` արձանագրուած 5 յաղթանակներու կողքին: Իսկ 2 պարտութիւն կրած ՀՄԸՄ արձանագրեց իր 9-րդ յաղթանակը:
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին աստղը հանդիսացաւ` Մայք Էֆիպրա, որ իր կատարած 11 թրի-փոյնթերէն 7-ն հասցուց իրենց նպատակին: Ան ընդամէնը նշանակեց 28 կէտ:
Անոր խմբակից Ուոլթըր Հոճ, բաւական մօտ էր թրիփըլ-տապըլ մը իրագործելու, բայց բաւականացաւ տապըլ-տապըլով (21 կէտ, 10 էսիսթ, 9 ռիպաունտ):
Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ-ի սթիլները ունեցան իրենց կարեւոր դերը արձանագրուած այս յաղթանակին մէջ, 14 փոխան 5-ի:
Պարագան նոյնը եղաւ նաեւ` թըրն-օվըրներուն. ՀՄԸՄ` 11, Հուփս` 21:
Հուփսէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Իպրահիմա Թոմաս (23 կէտ, 13 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակից Ուիլի Ուորըն նշանակեց 18 կէտ:
Նշենք, որ Հուփսի վարչութիւնը ոչ մէկ արգելք հանդիսացաւ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն դաշտ մուտքին, ինչ որ կը նկատուի բաւական քաջալերելի քայլ մը:
Լուսանկարը` PROFOTO-ին