Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, «Էյ. Եու. Էլ.» համալսարանին մէջ (Քոլայի շրջան) տեղի ունեցաւ դասական ճատրակի Լիբանանի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 12 խաղացողներ: Անոնցմէ վեցը կը գրաւէին նախորդ ախոյեանութեան առաջին վեց դիրքերը, չորսը մասնակցեցան զտումի մրցումներու արդիւնքներուն հիմամբ, իսկ երկուքը ընտրուեցան ֆետերասիոնին կողմէ` ըստ անոնց արձանագրած արդիւնքներուն եւ ֆետերասիոնին կանոնագիրին:
Մրցումները սկսան բաւական սուր պայքարի մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր մասնակից փորձեց տալ իր առաւելագոյնը` տիտղոսին տիրանալ կարենալու համար, 11 հանգրուան ունեցող այս ախոյեանութեան:
Հինգշաբթի, 17 դեկտեմբերին սկսած այս ախոյեանութիւնը աւարտեցաւ երեքշաբթի, 29 յունուարին:
Տիտղոսին տիրացաւ Անթուան Քասսիս (9,5 կէտ), որ թէեւ վերջին հանգրուանին պարտութիւն մը կրեց, բայց արդէն իսկ ապահոված էր տիտղոսը: Երկրորդ հանդիսացաւ Ֆայսալ Խէյրալլա (9 կէտ), երրորդ` Ահմետ Նաժժար (8,5 կէտ), իսկ չորրորդ` Ամրօ Ժաուիշ (7 կէտ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Իզզաթ Քրայթեմի եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներուն:
Յայտնենք, որ այս ախոյեանութեան մրցանակային ընդհանուր ֆոնտը կազմեց 2250 ամերիկեան տոլար:
Մրցաշարքին մասնակցեցաւ նաեւ Ճիօ Գալուստ, որ ապահովեց 3,5 կէտ: