Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ հինգշաբթի, 7 փետրուարին, «Լանքասթըր» պանդոկին մէջ (Հազմիէ) տեղի պիտի ունենայ 2018 տարեշրջանի փակման հանդիսութիւնը, ինչպէս նաեւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Երեկոյեան ժամը 17:00-ին սկսելիք փակման այս հանդիսութեան ընթացքին, պիտի հրապարակուի նաեւ 2019 տարեշրջանի յայտագիրը: