Ազրպէյճանի ընդդիմութիւնը դարձեալ բողոքի ցոյց կատարած է` պահանջելով իշխանութեան հրաժարականը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ժողովրդավարական ուժերու ազգային խորհուրդը հաւաքուած է Նովխանի գիւղին մէջ` նշելու Ազրպէյճանի Ա. հանրապետութեան հիմնադիր Մամետ Էմին Ռասուլզատէի տարեդարձը: Վերջինիս ծննդավայրին մէջ խօսք առնելով` ընդդիմութեան ղեկավարներէն Ճամիլ Հասանլի պնդած է, թէ ի տարբերութիւն Ա. հանրապետութեան պաշտօնեաներուն, ներկայ վարչակազմը խրուած է փտածութեան մէջ, կը թալանէ ազգային հարստութիւնը եւ կ՛ոտնահարէ մարդոց իրաւունքները:
Ցոյցի ընթացքին, ըստ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան, գիւղի ելեկտրամատակարարումը, անծանօթ պատճառներով, պարբերաբար ընդհատուած է:
Ազրպէյճանի ընդդիմութիւնը 19 յունուարին Պաքուի մէջ կազմակերպած էր հանրահաւաք մը, որ «Թուրան» լրատու գործակալութեան գնահատումով, ամէնէն բազմամարդն էր վերջին 14 տարիներուն ընթացքին: