Աւետիս Կիտանեան ծնած է 21 նոյեմբեր 1966-ին, երկրորդական ուսումը ստացած է Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ, աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի բնագիտութեան բաժանմունքը:
Անդամ է ՀՅ Դաշնակցութեան: Ստանձնած է կուսակցական զանազան պաշտօններ: Ընտրուած է ՀՅԴ ԶՈՄ-ի վարչութեան ատենապետ եւ 1992-էն սկսեալ տարբեր ժամանակաշրջաններու ստանձնած է ՀՅԴ Ընտրական կեդրոնական մեքենայի պատասխանատուութիւնը: Եղած է ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը Լիբանանեան կուսակցութիւններու համախմբումին մէջ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ն ներկայացուցած է զանազան համագումարներու եւ երկու անգամ Ղազախստանի ու Քամպոտիոյ մէջ մասնակցած Ասիոյ քաղաքական կուսակցութիւններու միջազգային համագումարին:
Առաջին անգամ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընտրուած է 1998-ին: 2001-2005 վարած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի գործավարի պաշտօնը: 2009 թուականէն սկսեալ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէնի պաշտօն վարած է: 2015-ին ընտրուած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ:
18 դեկտեմբեր 2016-ին ան մաս կազմած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան` իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան նախարար եւ ստանձնած զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը:
Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ: