Երէկ` հինգշաբթի, 31 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ռաուտայի ՀՅԴ «Շուշի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Շուշի» ժողովրդային տան վերանորոգուած սրահի բացումը, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին կողմէ:
Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Պքաաքաֆրայի քաղաքապետ Էլի Մախլուֆ:
ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին անունով հայերէնով բացման խօսքը արտասանեց Կարօ Պասմաճեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք նշեց, թէ վերանորոգութիւններու նպատակն է արդիական կարելիութիւններով եւ բարեզարդուած ակումբի մը մէջ ընդունիլ շրջանի բնակիչները, պատանիներն ու երիտասարդները: Կարօ Պասմաճեան ըսաւ, թէ վերանորոգութեան աշխատանքը կարելի եղաւ իրականացնել շնորհիւ 25 հոկտեմբեր 2018-ին կազմակերպուած դրամահաւաքին` յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով Տըքուանէի, Ժտէյտէի եւ մասնաւորի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւններուն, որոնք նիւթական եւ բարոյական նեցուկ կանգնեցան «Շուշի» ժողովրդային տան:
ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին անունով արաբերէնով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Վարդան Աճէմեան, որ նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց երեք քաղաքապետութիւններուն` անոնց աջակցութեան համար:
Խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ հաստատեց, թէ Դաշնակցութեան ակումբները կ՛ընկալուին իբրեւ ժողովրդային տուներ, որովհետեւ այնտեղ կը համախմբուին ժողովրդային խաւերը եւ այնտեղ կը կազմակերպուին ժողովուրդին ծառայելու կոչուած աշխատանքները: Ան ըսաւ, թէ երբ ամիսներ առաջ այս ակումբին մէջ համախմբուած էին, յոյս յայտնած էր, որ վերանորոգումը տեղի կ՛ունենայ եւ բոլորովին նոր դիմագիծ կը ստանայ Ռաուտայի ժողովրդային տունը: Այդ առաջադրանքը կատարուած է շնորհիւ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի նախաձեռնութեան, բարերարներու անվերապահ աջակցութեան եւ ժողովուրդի մասնակցութեան:
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այս առիթով անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան` ընդգծելով, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ճիգ չխնայեց կազմուելիք կառավարութեան մէջ երկու հայ նախարարի նշանակումով լիբանանահայ համայնքի իրաւունքները պահած ըլլալու համար: Ան դիտել տուաւ նաեւ, թէ առաջին անգամն է, որ կառավարութեան մէջ կը նշանակուին երկու հայ նախարարներ, որոնք կ՛ունենան նախարարական պաշտօն: Յակոբ Բագրատունի պարզաբանեց, որ վերջին օրերուն երեւցած էր նաեւ միտում զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը Դաշնակցութենէն այլ քաղաքական ուժի վերապահելու: Բարձր գնահատելով զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի նախարարական գործունէութիւնը` Բագրատունի յայտնեց, որ ճիգերը` զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը Դաշնակցութեան պահելու, արդիւնաւորուած են: Ապա ան շնորհաւորեց ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէութիւնը, Ռաուտայի ժողովուրդը, նուիրատուներն ու բոլոր անոնք, որոնք սատարեցին ակումբի վերանորոգման աշխատանքներուն:
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի խօսքէն ետք, «Շուշի» ժողովրդային տան սրահին մէջ զետեղուեցան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին Ռաուտայի «Շուշի» կոմիտէի շրջանին մէջ նահատակուած Կարօ Գուլանճեանի եւ Ժոզեֆ Պիլեզիկճեանի լուսանկարները: