ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Քրիստափոր Վերմիշեան
Քրիստափոր Աբակումեան Վերմիշեան(ց).- Ճանչցուած է նաեւ Խ(Ք)րիստափոր Վերմիշեւից, հասարակական, քաղաքական, պետական գործիչ, Թիֆլիսի նահանգապետ:
Ծնած է 2 յունուար 1863-ին, Պաքու: Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիսի, ապա Պաքուի ռէալական ուսումնարաններուն մէջ: 1884-ին գիւղատնտեսական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճանով աւարտած է Փեթրովսքի հողագործական եւ անտառամշակման ակադեմիան:
1885-ին Ք. Վերմիշեանցը արդէն ընտրուած է Կովկասի մէջ պետական ունեցուածքի նախարար Ի. Ի. Տիխեւի լիազօր անձ եւ ստացած է առաջադրանք` ուսումնասիրելու Ախալցխայի եւ Ախալքալաքի գաւառներու արքունի գիւղացիութեան տնտեսական դրութիւնը: 1886-ին Ք. Վերմիշեանը ընտրուած է Կովկասեան գիւղատնտեսական ընկերութեան քարտուղար, ապա` արդիւնահանող արքունի վարելահողերու գնահատող: 1888-ին ընտրուած է հողագործական գործիքներու եւ մեքենաներու Կովկասեան ցուցահանդէսի կոմիտէի համակարգող քարտուղար, իսկ 1889-ին անոր վստահուած է Կովկասեան գիւղատնտեսական ընկերութեան խորհուրդի անդամութիւնը:
1891-ին Ք. Վերմիշեանը ընտրուած է Թիֆլիսի քաղաքային խորհուրդի անդամ: Այդ ժամանակ քննարկուած է նաեւ անոր քաղաքային վարչութեան անդամութիւն տալու հարցը: Նոր պաշտօնին մէջ Վերմիշեանը առաջարկած է քաղաքային խորհուրդին` ստեղծել հայրենասիրական պիւրօ: Անոր առաջարկը վերջնական հաստատման համար ուղարկուած է քաղաքային վարչութիւն: Սակայն աւելի ուշ Վերմիշեանը փոխադրուած է Պաթում եւ կառավարուած Թիֆլիսի Առեւտրական դրամատան մասնաճիւղը:
7 հոկտեմբեր 1896-ին Ք. Վերմիշեանը ընտրուած է Թիֆլիսի քաղաքային վարչութեան անդամ: 1898-ին «Բազմարուեստական» կառուցման գաղափարը հիմնաւորելու եւ պաշտպանելու նպատակով Ք. Վերմիշեանը գործուղուած է Պաքու: Նոյն թուականի 2 նոյեմբերին նահանգային իշխանութիւններուն կողմէ հեռացուած է իր պաշտօնէն:
1899-ին աշխատանքի անցած է Մանթաշեանի նաւթային ընկերութեան մէջ:
Վերմիշեանը պայքարած է հակահայկականութեան դէմ: Ան ծաւալուն ուսումնասիրութեամբ պատասխանած է վրացի գրող Ի. Ճաւճաւածէի հակագիտական եւ հակահայկական գիրքին:
Ք. Վերմիշեանը Թիֆլիսի նահանգապետ ընտրուած է 11 հոկտեմբեր 1904-ին` 45 կողմ, 27 դէմ ձայներով: Այդ պաշտօնը վարած է մինչեւ 14 սեպտեմբեր 1905: Հակառակ անոր որ պաշտօնավարման ժամկէտը շատ կարճ եղած է եւ համընկած` տարածաշրջանին մէջ սկսած հայ-թրքական (թաթարական) ընդհարումներուն, ան կրցած է արդիւնաւէտօրէն իրականացնել իր աշխատանքը: Որպէս պաշտօնատար անձ եւ որպէս ազգութեամբ հայ` իրմէ ակնկալուած է ազգամիջեան կիրքերը հանգստացնելու ուղղութեամբ առաւել խելամիտ եւ նպատակային գործունէութիւն: Հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ Վերմիշեանը նամակով դիմած է Պաքուի ականաւոր թաթար-թուրքերուն` խնդրելով շտապ ազդել իրենց կրօնակիցներու վրայ եւ դադրեցնել հակահայ շարժումները: Միեւնոյն ժամանակ ան դիմած է Կովկասի կառավարչապետի պաշտօնակատարին` խնդրելով, որ ան շտապ միջոցներ ձեռնարկէ կոտորածին առաջքը առնելու համար: Ընդհարումներէն տուժածներու ընտանիքներուն օգնելու նպատակով կազմակերպած է նաեւ հանգանակութիւն:
Ք. Վերմիշեանը տարբեր տարիներու նաեւ աշխուժ կերպով թղթակցած է զանազան թերթերու, որոնց մեծ մասը ռուսալեզու էին:
9 դեկտեմբեր 1907-ին Ք. Վերմիշեանը մասնակցած է «Թիֆլիսի առեւտրականներու փոխադարձ օգնութեան ընկերութեան» անդամներու ընդհանուր ժողովին:
1909-ին խմբագրած է Պաքուի մէջ լոյս տեսնող ռուսալեզու «Պաքու» թերթը:
1911-ին Վերմիշեանի համար գաղափարական բուռն պայքարի ժամանակաշրջան էր: Անոր գաղափարական հակառակորդներն ու մասնաւորապէս Ստեփան Շահումեանը կը քննադատէին զինք` որպէս գիւղացիական մամուլի գոյութեան խոչընդոտող, քննադատութիւններէ խուսափող եւ քաղքենիութեան շահերու պաշտպան:
1912-ին Ք. Վերմիշեանը գրեթէ ամբողջութեամբ անցուցած է դատական գործընթացներու մէջ: Անոր մեղադրանք առաջադրուած էր ՀՅԴ կուսակցութեան թռուցիկը տպագրելու համար: Դատական գործընթացի աւարտին ան մեղաւոր ճանչցուեցաւ քրէական օրէնսգիրքի 1044 յօդուածի առաջին կէտով եւ դատապարտուեցաւ 300 ռուբլի տուգանքի, իսկ վճարել չկարողանալու պարագային` 3 ամիս բանտարկութեան:
Ք. Վերմիշեանը հեղինակած է բազմաթիւ գիտական, գաղափարախօսական եւ հրապարակախօսական նիւթեր:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն անմիջապէս ետք յառաջացած կառավարութեան մէջ զբաղեցուցած է ելեւմուտքի ու պարէնի նախարարի պաշտօնը:
Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք ան շարունակած է թղթակցիլ տարբեր պարբերականներու:
Քրիստափոր Վերմիշեանը մահացած է 1933-ին., Փեաթիկորսք (Ռուսիա) եւ թաղուած է տեղւոյն հայկական գերեզմանատունը:
Սիմոն Վրացեան
Սիմոն Վրացեան.- հայ քաղաքական գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան` 1919-ին նախ խորհրդարանի անդամ, ապա աշխատանքի, երկրագործութեան եւ պետական կալուածներու նախարար` Խատիսեանի եւ Օհանջանեանի կառավարութեանց մէջ, ապա` չորրորդ վարչապետը, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է Նոր Նախիջեւան, Սեւ ծովու հիւսիսը, Մեծ Սալա գիւղը,1882-ին: Յաճախած է տեղւոյն միջնակարգ դպրոցը, ապա` էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանը: 1908-1910 թուականներուն կ՛ուսանի Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանին մէջ, ուր կը հետեւի իրաւաբանութեան եւ մանկավարժութեան ճիւղերուն:
1906-ին կը սկսի Ս. Վրացեանի յեղափոխական գործունէութիւնը, որ կը սկսի զէնք փոխադրել Արեւմտեան Հայաստանի ֆետայական ջոկատներուն եւ կ՛անդամակցի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հիւսիսային Կովկասի Կեդրոնական կոմիտէին: 1910-ին խուսափելով ոստիկանական հալածանքներէն` կ՛անցնի Պաթում, ապա Տրապիզոն եւ ի վերջոյ` Կոստանդնուպոլիս: Ան շատ կարճ ժամանակի համար կը ստանձնէ Կարնոյ մէջ հրատարակուող «Յառաջ» թերթին խմբագրութիւնը:
1907-ին կը մասնակցի ՀՅԴ-ի Դ. Ընդհանուր ժողովին, Վիեննայի մէջ, եւ դեկտեմբեր 1911-ին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ` իբրեւ ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիր: 1914-ին Կարնոյ Ը. Ընդհանուր ժողովին Ս. Վրացեան կը ներկայացնէ Ամերիկայի շրջանը եւ ժողովէն ետք կ՛անցնի Կովկաս, ուր հետագային, Թիֆլիսի Ազգային բիւրոյի որոշումով, կը մտնէ Հայ կամաւորական գունդերու կարգադրիչ մարմինին մէջ:
Սիմոն Վրացեան Թիֆլիսի մէջ կ՛ունենայ հրապարակագրական, քաղաքական եւ կազմակերպական գործունէութեան աշխուժ շրջան մը, որ կը շարունակուի մինչեւ 28 մայիս 1918 Հայաստանի անկախութեան նուաճումը: ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Ազգային խորհուրդի խառն նիստին կողմէ վարչապետ կը նշանակուի Յովհաննէս Քաջազնունի, ան աջ բազուկը դառնալով` Վրացեան իր կարգին կը տեղափոխուի Երեւան: Կառավարութեան գլխաւոր բանագնացներէն եղաւ ինչպէս Պաթումի մէջ թուրքերու հետ հաշտութեան բանակցութիւններուն, այնպէս ալ համատարած սովին յաղթահարման համար Մ. Նահանգներու հետ տարուող բանակցութիւններուն` Պարէնի ապահովման նպատակով: Ընտրուեցաւ Հայաստանի Խորհուրդի պատգամաւոր եւ տենդագին լծուեցաւ նորահաստատ հանրապետութիւնը ժողովրդավարական հիմերու վրայ հաստատելու եւ միջկուսակցական գործակցութեամբ օժտելու աշխատանքին: Իրաւագէտի եւ գիւղատնտեսի իր մասնագիտական պատրաստութեամբ ալ նշանակալի ներդրում ունեցաւ աշխատանքի եւ տնտեսական յառաջդիմական օրէնսդրութեան մշակումին մէջ:
Մայիս 1920-ին Համօ Օհանջանեանի Բիւրօ-կառավարութեան կազմին մէջ Վրացեան ստանձնեց աշխատանքի եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը, մինչեւ որ հոկտեմբեր 1920-ին, հայ-թրքական պատերազմի ծանր օրերուն, իր ուսերուն դրուեցաւ ծանր բեռը Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետի պատասխանատուութեան: Ս. Վրացեան եղաւ թէ՛ 2 դեկտեմբեր 1920-ին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը Յեղկոմին զիջելու պայմանագիրը ստորագրող վարչապետը, թէ՛ 18 փետրուարի համաժողովրդային ապստամբութենէն ետք կազմուած Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի նախագահը:
Հայաստանի Հանրապետութեան վերջնական խորհրդայնացումէն ետք, Սիմոն Վրացեան իր կարգին անցաւ Թաւրիզ, Պարսկաստան, ուրկէ մեկնեցաւ Փարիզ եւ ստանձնեց ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը: Մինչեւ 1933 շարունակուած «Դրօշակ»-ի հրատարակութեան այս շրջանը պատուանդանը կազմեց Վրացեանի գաղափարագրական ժառանգութեան: Հայ քաղաքական մտքի եւ յատկապէս դաշնակցական մտածողութեան մէջ յառաջ եկած բեկումներու, խզումներու եւ խոտորումներու դժուարին այդ հանգրուանին, «Դրօշակ»-ի շուրջ համախմբուած ուժերու ստորագրած յօդուածներով թէ ուղղակի իր առաջնորդողներով` Սիմոն Վրացեան բառին բուն իմաստով ուղի հարթեց տարագիր հայութեան եւ նոյնպէս տարագրուած Դաշնակցութեան առջեւ:
Այդ շրջանին է, որ Սիմոն Վրացեան կը գրէ նաեւ իր կոթողական` «Հայաստանի Հանրապետութիւն» պատմագիտական գործը (1928): «Դրօշակ»-ի հրատարակութեան ընդհատումէն ետք Վրացեան հաստատուեցաւ Պէյրութ, Լիբանան, ուր խմբագրեց պատմութեան եւ մշակոյթի հանդէս «Վէմ»-ը. անոր ընդմէջէն Վրացեան փրկարար դեր կատարեց հայ քաղաքական մտքի ազգային յիշողութիւնը խորհրդային նենգափոխումներու դէմ անաղարտ պահելու եւ պաշտպանելու գաղափարական պայքարի ճակատին վրայ:
Վրացեանի քաղաքական վաստակին սփիւռքեան կարեւորագոյն փուլերէն մէկը եղաւ, ՄԱԿ-ի կազմութեան հիմնադիր ժողովներու շրջանին, Հայ դատի վերարծարծման ուղղութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տարուած բանակցութիւններուն մէջ իր աշխուժ դերակատարութիւնը:
1952-ին Սիմոն Վրացեան, Լեւոն Շանթի մահէն ետք (1951), տնօրէնի պաշտօնի կը կոչուի Պէյրութի Համազգայինի ճեմարանին մէջ: Պաշտօնավարութեան ժամանակ կը բացուի ճեմարանի թիւ 2 (1953) եւ թիւ 3 (1957) շէնքերը, որպէսզի գոհացում տրուի աշակերտութեան աճող թիւին: Նաեւ հրատարակութեան պատրաստեց եւ լոյս ընծայեց իր յուշերը` «Կեանքի ուղիներով» (1967) վեց-հատորեակը, որ համադրումը եղաւ ազգային-քաղաքական եւ հոգեմտաւոր իր ժառանգութեան ու պատգամին:
28 մայիս 1918-ին հիմնուած Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ եւ վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանը կը մահանայ 21 մայիս 1969-ին, Պէյրութ:
Յովսէփ Տէր Դաւթեան
Յովսէփ Տէր Դաւթեան,- հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, պետական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է 1870-ին, Թիֆլիս: Ուսումը ստացած է Թիֆլիս, ապա Մոսկուա` բժշկական դպրոցի ակնաբուժական բաժինը:
1900-էն ետք հաստատուած է Թիֆլիս` իբրեւ բժիշկ: Մաս կազմած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան: Ներկայ եղած է ՀՅԴ-ի կարեւոր բոլոր ժողովներուն` իբրեւ անդամ Արեւելեան Բիւրոյի: Գաղտնապահ եւ ընդհանրապէս անխօս, ինք է, որ կապ պահած է կովկասեան եւ արտասահմանեան մարմիններուն հետ:
1908-ին կ՛երթայ Վան, ապա կը հաստատուի Կարին` իբրեւ անդամ Բիւրոյի Կարնոյ հատուածի: Թիֆլիս կը վերադառնայ, ուր 1915-ին կ՛անդամակցի Ազգային բիւրոյին:
1918-ին` Հայաստանի անկախութենէն ետք կը փոխադրուի Երեւան, կ՛ընտրուի խորհրդարանի անդամ: Դատաւոր` Հանրապետութեան արտակարգ դատարանին:
1919-ին` նախագահ ՀՅԴ Դատական գերագոյն ատեանին:
1924-ին կը հաստատուի Փարիզ եւ կը գործէ իբրեւ ակնաբուժ:
Յովսէփ Տէր Դաւթեանը կը մահանայ 9 յուլիս 1946-ին:
(Շար. 20)