Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 27 յունուարին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը հիւրընկալեց Աթլասը:
ՀՄԸՄ այս մրցումէն առաջ արձանագրած էր 7 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն, մինչ Աթլաս` ճիշդ հակառակը:
Նախքան մրցումին մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ անոր ազդանշանին տրուելէն առաջ, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Կի Մանուկեան յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց Ռիատիի նախագահ Հիշամ Ժարուտին` ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի:
Կի Մանուկեան դրուատեց Ժարուտիի ունեցած գործօն դերակատարութիւնը` լիբանանեան պասքեթպոլին մէջ:
Ժարուտի շնորհակալութիւն յայտնելով այս մեծարանքին համար, իր հրատարակած գիրքը նուիրեց ՀՄԸՄ-ին: Գիրքը կ՛անդրադառնայ յիսուն տարի շարունակ իր ունեցած ներդրումին` լիբանանեան պասքեթպոլին մէջ:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, առաջին երկու քորթըրները եղան իրարու բաւական մօտ, բայց ՀՄԸՄ առաջին կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 39-34 արդիւնքով:
Երրորդ քորթըրին կէսէն ետք, ՀՄԸՄ զգալի առաւելութիւն մը ունեցաւ եւ չորրորդ քորթըրին սկսաւ 11 կէտի առաւելութեամբ մը (57-46):
Չորրորդ եւ վերջին քորթըրին, ՀՄԸՄ ալ աւելի տիրապետելով իր հիւրին վրայ, տարաւ վերջնական յաղթանակը` 87-65 արդիւնքով, այսպիսով արձանագրելով տարեշրջանի իր 8-րդ յաղթանակը:
ՀՄԸՄ-էն 21 կէտ նշանակեց Ուոլթըր Հոճ, մինչ անոր խմբակից Քրիս Ճոնսըն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (14 կէտ, 11 ռիպաունտ): Մայք Էֆիպրա նշանակեց 11 կէտ, իսկ Քարիմ Զէյնուն` 10 կէտ:
Իսկ Աթլասէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Տերիըն Թաունզ (26 կէտ, 17 ռիպաունտ):
ՀՄԸՄ յաջողեցաւ նշանակել 9 թրի-փոյնթ (22 փորձերէ ետք), մինչ Աթլաս` միայն մէկ (24 փորձերէ ետք):
ՀՄԸՄ յաջողեցաւ կատարել 9 սթիլ, փոխան` 3-ի:
Հիւր կազմը աւելի լաւ եղաւ միայն ռիպաունտով 54` փոխան 42-ի:
PROFOTO