Յորդանանի խորհրդարանի նախագահ Աթեֆ Թարաուինա սուրիացի իր պաշտօնակից Համմուտա Սապպաղը հրաւիրեց մարտին Յորդանանի մէջ գումարուելիք Արաբական խորհրդարաններու համադաշնակցութեան վեհաժողովին մասնակցելու:
«Յորդանանի խորհրդարանը կը գիտակցի Յորդանանի եւ Սուրիոյ միջեւ, մասնաւորաբար խորհրդարանական ոլորտին մէջ համակարգումին եւ գործակցութեան կարեւորութեան, այդ պատճառով ալ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղը հրաւիրեցինք ներկայ գտնուելու Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութեան վեհաժողովի աշխատանքին: Ատիկա երկուքիս ալ շահերէն կը բխի», ըսաւ ան:
«Մենք եղբայրներ ենք, եւ մեզ իրարու կապող պատմութիւնը, մտահոգութիւններն ու ձգտումները կը պահանջեն գործակցութեան քայլերը յառաջ մղել: Այնքան ատեն որ Սուրիան կը դիտենք իբրեւ իսկապէս արաբական երկիր` անոր ժողովուրդին շահերը, կայունութիւնն ու միութիւնը պէտք է բոլորին միտքին մէջ ըլլան: Քայքայուած, մասնատուած Սուրիա մը, ուր ահաբեկիչներն ու արտաքին ուժերը կը տիրեն, ոչ ոքի շահերէն կը բխի, որովհետեւ այդ արաբ հողը միայն պէտք է իր բնակիչներուն պատկանի: Միացեալ հողերով ու ժողովուրդով Սուրիա մը կը բխի արաբ ազգի շահերէն», աւելցուց Յորդանանի խորհրդարանի նախագահը:
Նշենք, որ ան այս յայտարարութիւնները կատարեց Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Նիզար Սաքիֆի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումին ընթացքին: