«Թիւրն Ու Թերին»
Համազգայինի տպարանը հրապարակ հանեց նոր հատոր մը` Բ. Թաշեանի «Թիւրն ու թերին»:
Շուրջ երկու հարիւր յիսուն էջ հաշուող այս գործը կը բովանդակէ յիսունէ աւելի գլուխներ, ուր նշմարուած են մեր լեզուին մէջ անփութութեամբ կամ տգիտաբար սպրդած հարիւրաւոր սխալներ:
Տարիներէ, տասնամեակներէ ի վեր Թաշեան ոգի ի բռին կը պայքարի ի պաշտպանութիւն Մեծ Սուրբին ամենասուրբ աւանդներուն եւ անոր սրբակենցաղ աշակերտներուն ոսկեղենիկ բարբառին:
«Թիւրն ու թերին» մատնանշելու, մէկտեղելու ու խարանելու այս կիրքը գործ-բան չունեցող մարդու մը ի միջի այլոց կատարած պարագայական մէկ գործը չեղաւ Թաշեանի համար, եղաւ Մեծասքանչին սէրը ճշմարտապէս ապրող եւ անոր մաքրութեան համար ի տղայ տիոց զինուորեալ մարդու մը սրտառուչ տուրքը:
Մեր առօրեայ մամուլէն եւ նոր հրատարակուած գիրքերէն բծախնդրօրէն «քաղած» իր «թիւր»-ին ու «թերի»-ին Թաշեան հակադրած է ճիշդն ու գեղեցիկը` ի՛ր տրամաբանութեամբ, մեր հին մատենագիրներէն բերած օրինակներով կամ գիտական հրատարակութիւններու հիմամբ: Ըլլալով մեր մատենագրութեան եւ հին ու նոր բառարաններուն բովանդակութեան քաջահմուտ անձ` իր նշմարները խոր վստահութիւն կը ներշնչեն:
Թաշեան կը ճանչնայ իւրաքանչիւր բառ, իւրաքանչիւր բառի ծագումը, գրաբարեան ակունքը, աշխարհաբար ձեւը, ռամկօրէնը, Կովկասէն արտածուածը, Ռուսիայէն ներածուածը, ենիչերիներէն մնացածը եւ անջատելով անոնցմէ հայ գրականութեան ու աշխարհաբարի մեծերէն մեծարուած անխառնը, ճշգրիտը, գեղեցիկը` կը ներկայանայ ընթերցողին:
Թիւր ու թերի կողմեր չունենալու համար Թաշեանի այս «Թիւրն ու թերին» հատորին պէտք ունին բազմաթիւ գրողներ, յօդուածագիրներ ու վարժապետներ: Մնաց որ, անկախ հատորին հայթայթած օգտակար գիտելիքներէն, հաճոյք է անոր ընթերցումը, որովհետեւ չոր օրէնքներու վանողական շտեմարան մը չէ գործը, հաճելի ընթերցարան մըն է նոյն ատեն, օժտուած` մեր լեզուն ճշգրտօրէն ու արուեստով գործածող մարդու մը բարեմասնութիւններով:
Ասկէ առաջ Թաշեան հրապարակ հանած էր ուրիշ երկու հատոր` «Լսարան հայ լեզուի» եւ «Լեզուական հարցեր»: Եւ երեքը մէկ կը վկայեն նոյն պայքարին մասին` անաղարտ պահել մեր ազգային գանձը, Նորին վեհափառութիւն «Շամիրամեան առկախ պարտէզը», ինչպէս պիտի ըսէր Մեծասքանչին մաքրակրօն քուրմերէն եղերաբախտ Վազգէն Շուշանեան:
Պ. Ս.
Հաչել – Հառաչել
Ունինք երկու բառեր, որոնք հնչումով նոյնն են, բայց իմաստով տարբեր են: Այդ երկու բառերն են հաչել եւ հաջել. մէկը չայով, միւսը ջէով:
Առաջինը ընդհանրապէս կը գործածուի հաչել հառաչել ձեւով եւ կը նշանակէ հեծել, հեծեծել: Աշխարհաբարի մէջ հիմա այլեւս գործածական չէ այս «ոճ»-ը, որ գեղեցիկ է սակայն:
Յովհան Մանդակունի կը գրէ իր «Հոգեւոր երգեր»-էն մէկուն մէջ. «Հաչելով եւ հառաչելով եւ անդադար հեծեծանօք զմեզս քաւել»: Յովհան կաթողիկոս նոյնպէս կը գրէ. «Ի փողոցս ելեալ` հաչեալ հառաչէին»: Ոսկեբերանի մէջ ալ կը հանդիպինք նոյն բանին. «Հաչելով հառաչելով զաղօթսն մատուցանել»:
Ինչպէս կը տեսնուի, հաչել-ը առանձին չի գործածուիր. իրմէ անբաժան է միշտ հառաչել-ը: Ասոր պատճառը թերեւս այն է, որ առաջինը (հաչել) կրնայ շփոթուիլ միւս «հաջել»-ուն հետ:
Հաչիւն եւ հաչումն գոյականները եւս նոյն իմաստը ունին` հեծութիւն, հառաչանք, հեծեծումն: Օրինակ` «Ո՛վ հաչիւն հառաչիւն, զոր ի ներքուստ ունէր»:
Հաչել, իբրեւ հառաչել, մարդոց յատուկ է եւ բնաւ կապ չունի «հաջել»-ուն հետ, որ շուներուն յատուկ է: «Նոր Հայկազեան բառգիրք»-ը դիտել կու տայ, որ այս բառը` հաչել, «ոմանք շփոթեն ընդ հաջել չանց»:
Այո՛, արդարեւ. մեր հին մատենագրութեան մէջ հաջել-ը երբեմն շփոթուած է հաչել-ուն հետ: Դարձեալ նոյն բառգիրքը կը գրէ հաջեմ բառին դիմաց. «Որ ի յետնոց վրիպակաւ գրի հաչել»: Ուրեմն պատահած է, որ այս երկու բառերը փոխն ի փոխ իրարու տեղ գործածուին «վրիպակաւ»:
Հաջել կը նշանակէ «ձայն արձակել շանց ընդդէմ օտարաց»: ԺԲ. դարու պատմիչներէն Սարկաւագ վրդ. կը գրէ. «Իբրեւ զշուն հովուի հաջել ի գազանսն»: Եղիշէի պատմութեան մէջ եւս կը հանդիպինք այս բառին. «Արդ` իբրեւ զշուն անպիտան ընդ վայր հաջես»:
Տարակոյսի տեղ չի մնար այլեւս. հաչել եւ հաջել նոյն նշանակութիւնը չունին (թէեւ նմանաձայն են) եւ իրարու տեղ չեն կրնար գործածուիլ: Առաջինը, ինչպէս ըսինք, մարդկային երեւոյթ է, երկրորդը` կենդանական:
Գուցէ, Թերեւս
Ձեզմէ աղէկ չըլլայ, բանաստեղծ բարեկամ մը ունիմ, որ գուցէ եւ թերեւս մակբայները կը շփոթէ իրարու հետ: Գուցէ կ՛ըսէ` թերեւս ըսելու տեղ, թերեւս կ՛ըսէ` գուցէ ըսելու տեղ:
Այսպէս, եթէ հարցնէք, թէ այսօր սուրճ պիտի խմէ՞, հանդարտ մը կը պատասխանէ` գուցէ խմեմ: Կամ երբ ուզէք գիտնալ, թէ հիւանդը ինչպէ՞ս է, նոյն պաղարիւնութեամբ կը պատասխանէ` հիւանդութիւնը լուրջ է, թերեւս մեռնի:
Պէտք կա՞յ ըսելու, թէ այս կարճ հարց-պատասխանին մէջ երեք սխալ կայ: Նախ` գուցէ կը նշանակէ «կը վախնամ, որ չըլլա՜յ թէ»: Իսկ թերեւս կը նշանակէ «հաւանօրէն, կարելի է, կրնայ ըլլալ որ»:
Սուրճ խմելու կամ չխմելու մէջ «վախնալիք» բան մը կա՞յ: Ո՛չ, անշուշտ: Ուստի պէտք է ըսել` «թերեւս խմեմ»: Բայց հիւանդի եւ հիւանդութեան պարագային` թերեւս-ը ճիշդ բառը չէ. պէտք է ըսել` «գուցէ մեռնի», որովհետեւ գուցէ-ին մէջ վախ կայ, վտանգ կայ:
Որ, Որու, Որուն
Ունինք որ յարաբերական դերանունը, սեռական-տրականը` որու, որուն, տեղին եւ պարագային համեմատ:
«Որու» կը գրենք, երբ յարաբերեալը անորոշ է, «որուն» կը գրենք, երբ յարաբերեալը որոշ է:
Այսպէս, որո՞ւ կ՛ըսես, ո՛չ թէ որո՞ւն կ՛ըսես: Յօդը աւելորդ է, որովհետեւ յարաբերեալը որոշ չէ, անորոշ է: Նոյն ձեւով պէտք է գրենք որո՞ւ հետ էիր այսօր, որո՞ւ մասին է խօսքը եւ այլն:
Սակայն, երբ յարաբերեալը որոշ է, այլեւս սխալ է գրել որու, պէտք է գրել որուն, նու յօդով: Այս կանոնը կ՛անտեսուի յաճախ: Նոյնիսկ կան գրողներ, որոնք միշտ եւ ամէն տեղ «որու» կը գործածեն, կարծես «որուն» բառ մը գոյութիւն ունեցած չըլլար մեր լեզուին մէջ:
Տանք քանի մը օրինակներ` ասկէ-անկէ քաղելով.
1.- «Բանտ մը, որու ծանրութիւնը նոր կը զգայի» (մի՛ գրեր որու, այլ գրէ՛ որուն):
2.- «Հաշտուած չեմ այն գաղափարին հետ, որու համաձայն…» (գրէ՛ որուն):
3.- «Ծրագիր մը, որու նպատակն է…» (ըսէ՛ եւ գրէ՛ որուն):
4.- «Սա կամայական բացատրութիւն մ՛է, որու համար ոեւէ փաստ չունի» (ո՛չ թէ որու, այլ` որուն: Ո՛չ թէ ոեւէ փաստ, այլ` որեւէ փաստ):
5.- «Պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ կը մտնէին…» (ըսէ՛ ու կրկնէ՛ որուն):
Ե՞ս կը սխալիմ արդեօք, թէ՞ որու գրողները կը սխալին, ձեզի կը հարցնեմ, ընթերցո՛ղ եւ… չընթերցող բարեկամներ:
Այլ, Այլեւ
«Մենք կը գործածենք ո՛չ միայն երկու, այլ նոյնիսկ երեք, ու չորս գրական լեզու»:
Սխալ մը կա՞յ այս նախադասութեան մէջ:
Սխալ մը չկայ, սխալներ կան:
Երբ կը գրենք «ոչ միայն», յաջորդող շաղկապը պէտք է ըլլայ այլեւս եւ ոչ թէ` այլ: Կա՛մ պէտք է ըսել «ոչ թէ երկու, այլ երեք լեզու» եւ կամ «ոչ միայն երկու, այլեւ երեք…»: Անշուշտ լաւագոյն ձեւն է առաջինը. «ոչ թէ երկու, այլ երեք…»:
Կրնա՞նք ըսել` ո՛չ միայն կը կարդայ, այլ կը գրէ:
Դա՛րձեալ, կարելի՞ է ըսել կամ գրել` ո՛չ թէ կը կարդայ, այլեւ կը գրէ:
Ո՛չ, կարելի չէ: Կ՛ըսենք ու կը գրենք` ո՛չ միայն կը կարդայ, այլեւ կը գրէ: Նո՛յնպէս կ՛ըսենք ու կը գրենք` ո՛չ թէ կը կարդայ, այլ կը գրէ:
Եղած-չեղածը պզտիկ եւ մըն է, բայց այս պտըլիկ եւ-ին սխալ գործածութիւնը աւեր կը գործէ մեր լեզուին մէջ, ինչպէս կը տեսնէք կամ ինչպէս… չէք տեսներ:
Բայց որո՞նք են միւս սխալները մեր առաջ բերած նախադասութեան մէջ, պիտի հարցնէք իրաւամբ: Ահա՛ւասիկ` երեք, ու չորս գրական լեզու: «Երեք»-ին քով դրուած ստորակէտը աւելորդ է եւ անիմաստ. ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` երեք կամ չորս գրական լեզու:
Բ. ԹԱՇԵԱՆ
Հատուածներ