Friday May 24, 2013

ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ՍՈՆԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ԿՈՂՄԷ

By adminx - Fri Dec 09, 7:35 am

Սոնա Պօղոսեանի պարգեւատրման պահուն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին, երէկ` հինգշաբթի, 8 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, տեղի ունեցաւ երէց խմբապետներու պարգեւատրման արարողութիւն: Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնը շքանշաններու տուչութիւն կը կատարէ այն անձերուն, զորս կ՛ուզէ գնահատել միջազգային, արաբական եւ լիբանանեան սկաուտական կեանքին մէջ իրենց ունեցած յառաջատար դերակատարութեան եւ ազդու ներդրումին համար:

Այս տարի ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին կողմէ այս շքանշանին արժանացաւ 1972 թուականէն ի վեր ՀՄԸՄ-ին մաս կազմած Սոնա Պօղոսեան, որ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի տարբեր մակարդակի վրայ զանազան պաշտօններ ստանձնած է:

Հանդիսութեան հիւրերուն կարգին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդէն եւ Շրջանային խմբապետական կազմէն անդամներ, ինչպէս նաեւ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան:

Լիբանանի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք արտասանուած խօսքերուն մէջ լուսարձակի տակ առնուեցաւ սկաուտական կեանքին կարեւորութիւնը, մանաւանդ որ սկաուտութիւնը արդէն պիտի տօնէ իր 100-ամեակը, բայց եւ այնպէս տակաւին երիտասարդ է, աշխուժ ու գործօն: Անդրադարձ կատարուեցաւ այն իրողութեան, որ սկաուտական շարքերուն մէջ մարդիկ կը թրծուին, կը դաստիարակուին` շնորհիւ ատակ ու նուիրեալ խմբապետներու, ինչպէս նաեւ ոչ տարազաւորներու, որոնք կը հաւատան սկաուտական գործին եւ առաքելութեան:

Այս առիթով պատուոյ յատուկ շքանշաններ ստացան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ, Անտոնեան միաբանութեան մեծաւոր Սըմաան Աթալլա եպիսկոպոս եւ տոքթ. Ալի Ապտալլա:

Ապա ընթերցուեցաւ իւրաքանչիւրին կենսագրականը, ներկայացուցեցաւ սկաուտական կեանքին մէջ ունեցած ներդրումը եւ կատարուեցաւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի շքանշանի յանձնում:

Պարգեւատրեալներուն կարգին իր տարած նուիրեալ գործունէութեան եւ սկաուտական կեանքին մէջ ունեցած երկարամեայ ներդրումին համար շքանշան ստացաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ական Սոնա Պօղոսեան:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement